«Հայրենադարձ Ղօղանջներ» Նախագիծը Իր Շուրջը Համախմբեց Սուրիահայ Երաժիշտները
Սեպտեմբեր 17-ին Երգահաններու Միութեան նախաձեռնութեամբ Միութեան դահլիճին մէջ կայացաւ «Հայրենադարձ ղօղանջներ» համերգային ծրագիրը:
Այն իւրատեսակ նախագիծ մըն էր, որ համախմբած էր վերջին իրադարձութիւններու արդիւնքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ երաժիշտներ` երգահաններ, մենակատարներ, խմբավարներ եւ երգչախումբի երգիչներ: Երգահաններու Միութիւնը տուեալ համերգով նպատակ ունէր հանրութեան տեղեկացնել, որ սուրիահայ արուեստագէտները՝ չնայած առկայ դժուարութիւններուն, կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը և կը կատարելագործեն իրենց հմտութիւնները հայրենիքի մէջ: Յատկանշական է, որ այս համերգին սուրիահայ երաժիշտ-ընկերներուն իրենց կատարումներով աջակցեցան նաև տեղի երաժիշտները:
Եւ ահա, Միութեան նախագահ Արամ Սաթեանի ողջոյնի խօսքէն ետք համերգը մեկնարկեց սուրիահայ երիտասարդ երգահան Սարգիս Ադամեանի երկու ստեղծագործութիւններու կատարումներով: Ապա երեկոն զարդարուեցաւ Ծովինար Յովհաննիսեանի հեղինակած ստեղծագործութեան գոյներով՝ գրուած քանոնի և դաշնամուրի համար: Համերգի երրորդ համարը իսկական անակնկալ էր բոլորին համար: Բեմին վրայ յայտնուեցան չորս հրաշք փոքրիկներ, որոնք արագ տեղաւորուելով դաշնամուրին շուրջ, կատարեցին Հոլլէնհաուերի ստեղծագործութիւնը: Փոքրիկներուն եկան յաջորդելու իրենց աւագ ընկերները՝ «Քառեակ» լարային քառեակը:
Երաժիշտներուն շնորհիւ Երգահաններու Միութեան դահլիճին մէջ թևածեց Կոմիտասեան հնչիւնները: Համերգին աւարտին ներկաներն ունկնդրեցին Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ երգչախումբի հիանալի կատարումները (գեղարուեստական ղեկավար` Շահէն Քեշիշեան):