Շուէտի Խորհրդարանի Փոխ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրուած Է Հայ Թեկնածու

Շուէտի մէջ Բնապահպանութիւն «Կանաչ» կուսակցութիւնը, Խորհրդարանի 3-րդ փոխ-նախագահի պաշտօնին համար առաջադրած է ազգութեամբ հայ իր ներկայացուցիչը` Իզապէլ Տինկիզեանը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռատիօ Շուէտ»-ը:
Տինկիզեան յայտնած է իր ուրախութիւնը ըսելով, որ անկախ անկէ որ չէ ծնած Շուէտի մէջ առաջադրուած է այս պաշտօնին, եւ ինք ամէն ինչ պիտի ընէ փաստելու համար, որ Շուէտի մէջ բարձր պաշտօնները միայն շիկահերներու եւ շուէտական անուններ կրողներու համար չեն:
Իզապէլ Տինկիզեան ծնած է Պաղտատ, 1965 թուականին ընտանեօք գաղթած են Շուէտ, 2006 թ. ընտրուած է պատգամաւոր Կանաչ կուսակցութեան կողմէն, եւ կրցած է պահպանել իր աթոռը 2010 թ.-ի ընտրութիւններուն: