Եգիպտացի Լրագրողները ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Գահիրէի Հայոց առաջնորդարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ ու Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ սեպտեմբեր 20-27 ճանաչողական այցով Հայաստանի մէջ գտնուող եգիպտացի լրագրողներ «Մէսաիյեա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Ապտ Էլնապի Ապտելֆաթթահ Սաքըր Մահրուս Էլնատիմը եւ «Ալ-Ուաթան» օրաթերթի միջազգային յարաբերութիւններու հետազօտող Ալ Մոհամետ Թարեք Ապտելհաֆեզ Հասսանը:

 Սփիւռքի նախարարը ջերմօրէն ողջունեց եգիպտացի լրագրողները եւ նշեց, որ հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին եւ այսօր ալ կը շարունակեն զարգանալ: Նախարարը կարեւոր նկատեց զանգուածային լրատուամիջոցներու դերը միջպետական յարաբերութիւններու եւ ժողովուրդներու փոխճանաչողութեան գործին մէջ:

Սփիւռքի նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ լրագրողները իրենց տեսածը, զգացածն ու ձեռք բերած տեղեկատուութիւնը պատշաճ պիտի  ներկայացնեն եգիպտացի ընթերցողին:

 Լրագրողները հետաքրքրուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեամբ, ծրագիրներով, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ծրագիրներուն, հայապահպանութեան առնչուող հարցերով:

 Քննարկուեցան սփիւռքահայերու կողմէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կատարուած ներդրումներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դստապարտման եւ հետեւանքներու վերացման, Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման առնչուող հարցեր:

 Անդրադարձ եղաւ թուրք-եգիպտական յարաբերութիւններուն:

 «Ալ-Ուաթան» օրաթերթի ներկայացուցիչ` Ալ Մոհամետ Թարեք Ապտելհաֆեզ Հասսանը ըսաւ, որ վերջերս հրատարակուած է երկհատոր աշխատութիւն, ուր կը ներկայացուին Եգիպտոսի հոգեւոր կեդրոնին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւային նիւթերը:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց հիւրերուն Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողոի արդիւնքները եւ նախարարութեան յառաջիկայ ընելիքները: Ան բարձր գնահատեց եգիպտական ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու վերաբերմունքը եգիպտահայ համայնքին հանդէպ եւ խաղաղութիւն ու բարգաւաճում մաղթեց Եգիպտոսին:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ այն հանգամանալից տեղեկութիւններուն ու մեկնաբանութիւններուն համար, որոնք ստացան ՀՀ սփիւռքի նախարարէն:

Գահիրէ վերադառնալէ ետք  եգիպտացի լրագրողները հանդէս պիտի գան  հրապարակումներով քննարկուած թեմաներու վերաբերեալ:

Scroll Up