Մեզի Համար Շատ Կարեւոր Էր Մասնակցիլ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովին…

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը աւարտեց: Մասնակիցները լիայոյս են, որ բարձրացուած խնդիրները, հնչեցուած առաջարկները անպայման կեանքի պիտի կոչուին:

«Հայերն Այսօր»-ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք համաժողովի մասնակիցներու կարծիքները:

Վիգի Մարաշլեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի– Նախ շատ հաճելի էր եւս մէկ անգամ գտնուիլ Հայաստանի մէջ եւ շփուիլ Հայաստանի, սփիւռքի ժողովուրդին հետ: Կը կարծեմ, որ արդիւնաւէտ համաժողով մը տեղի ունեցաւ եւ երկու օրերու նիստերու ժամանակ արծարծուած բոլոր առաջարկները հաստատ գործի կը դրուին` յանուն սփիւռքի եւ Հայաստանի բարօրութեան: Հնչեցին տարբեր տեսակէտներ, ընդունուեցան բանաձեւեր, որոնք յետագային պիտի ծառայեն սփիւռքի մեր աշխատանքներուն: Իսկ մենք ձեռք ձեռքի տուած, միասնաբար կ’ապահովենք Հայաստան-Սփիւռք կամուրջի ամրապնդումը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սփիւռքի նախարարութեան` յանձինս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, այս հրատապ համաժողովը կազմակերպելուն համար, մեզի համար մասնակցիլը կարեւոր էր:

Սուրէն Պայրամեան, Գահիրէի Թեմական ժողովի անդամ, ՀՅԴ անդամ, «Յուսաբեր» մշակութային ընկերացութեան ատենապետ– ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան արդէն երրորդ համաժողովին կը մասնակցիմ: Մեծ գոհունակութեամբ կ’ողջունեմ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ  համաժողովի կազմակերպումը: Ամէն բան գրագէտ  մտածուած էր, տպաւորութիւնս, իրօք, մեծ է: Տիկին Յակոբեանի կողմէ կազմակերպուող այս համաժողովները, անխօս, իրենց հետքը կը ձգեն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ճանապարհին: Կը հաւատանք, որ համատեղ քննարկումներու, առաջարկութիւններու իրականացմամբ յաջողութեան պիտի հասնինք:

Առհասարակ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող համաժողովներուն մասնակցելով կը խանդավառուինք եւ աշխատանքի հանդէպ յոյսով, հաւատքով, սիրով կը լեցուինք:

Կարինէ Քոչարեան, «Սփիւռքի Ձայն» հեռուստաընկերութեան տնօրէն, Նիւ Եորք– Կը խոնարհիմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Հայաստան-սփիւռք 5-րդ  համաժողովի կազմակերպման եւ առհասարակ  բոլոր ձեռնարկներուն համար: Այն բոլոր առաջարկները, բարձրացուած խնդիրները, որոնք ամփոփուեցան նիստերու ժամանակ, պէտք է դառնան մեր ընելիքներու ուղենիշը: Եւ մեզմէ իւրաքանչիւրս, որ կ’ուզէ որեւէ բան ընել` այս համաժողովին հնչած առաջարկներէն, նախ պէտք է սկսի ինքն իրմէ, մտածելով թէ ինչ ըրած է կամ պէտք է  ընէ տուեալ խնդիրին լուծում տալու համար, քննադատելը հեշտ է, գործելը` դժուար: Այս պահուն Աբրահամ Լինգոլնի խօսքերը յիշեցի. «Մի՛ նայիր, թէ հայրենիքդ ինչ պիտի ընէ  քեզի համար, այլ նայի՛ր, թէ դուն ինչ կ’ընես հայրենիքիդ համար»:

Այլ խօսքով` մասնակցելով համաժողովներուն` կը վերանայինք մեր պարտաւորութիւնները: Եթէ մեր այս հաւաքները չըլլան, ապա սփիւռքի մէջ բոլորս կը զբաղինք մեր գործերով եւ կը մոռնանք մեր հայրենիքը:

Լեւոն Պլխկեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան շրջանային վարչութեան ատենապետ. Հալէպի Շտապ օգնութեան անդամ, Հալէպ – Հալէպէն եկած ենք մասնակցելու Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին այն  ակնկալիքով, որ ներկայացնենք Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, սուրիահայերուս կարիքները, եւ միասին մեր դժուարութիւններուն լուծում գտնենք: Հաւատքով  լեցուած ենք, որ մեր առաջադրած հարցերը պատասխան կը ստանան, իսկ համաժողովէն շատ գոհ ենք, ամէն բան գեղեցիկ  կազմակերպուած էր: Անշուշտ, շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:

Անժէլ Մանուկեան, ՀՕՄ ՀՅԴ անդամ, ԱՄՆ-երրորդ անգամն է, որ կը մասնակցիմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած համաժողովին, բայց այս մէկը բացառիկ էր ինծի համար` թէ՛ մասնակիցներու թիւին, թէ՛ կազմակերպչական բարձր մակարդակին համար: Ամէն ինչ մշակուած էր` ի սէր Հայաստանի հզօրացման եւ ի սէր սփիւռքի համախմբման: Հպարտ եմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մասնակցեցայ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին: Ասիկա նաեւ մեծ առիթ է հանդիպելու, ճանչնալու սփիւռքի միւս գործընկերներս, որոնց հետ կը ծանօթանանք, միտքեր կը փոխանակենք, համագործակցութեան առաջարկներ կը ստանանք: Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ  ջանք ու եռանդ չի խնայեր մեզի համար նման կարեւոր հանդիպումներ կազմակերպելու համար:

Ռաֆայէլ Գրիգորեան, Ստաւրոփոլի երկրամասի Կուրսկի շրջանի Եդեսիոյ հայկական ազգային-մշակութային ինքնավարութեան նախագահ– Շատ մեծ գործ  ըրած է  ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը` կազմակերպելով այս համաժողովը: Այն շատ կարեւոր էր մեզի համար, որպէսզի բարձրացնենք մեր խնդիրները, մեզ յուզող հարցերը ներկայացնենք: Կը ծանօթանանք տարբեր մարդոց հետ, համագործակցութեան մէջ կը մտնենք, որ կը հեշտացնէ մեր աշխատանքները սփիւռքի մէջ:

                                                                                              Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան

Scroll Up