Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլը Պարգեւատրուած Է Երեւանի Քաղաքապետի Ոսկէ Մետալով
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան քաղաքապետարանին մէջ հիւրընկալած է պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը, որ Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած է հայկական երգարուեստի տարբեր ժամանակներու լաւագոյն երգերու կատարումներով, ինչպէս նաեւ պատմական հայրենիքին նուիրուած 19-20-րդ դ. գրուած քնարական երգերով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ողջունելով եւ բարձր գնահատելով երգչուհիի հայանուէր գործունէութիւնը` Երեւանի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Երեւանի մէջ իրականացուցած բարեգործական նախաձեռնութիւններուն համար:
«Երեւանը` որպէս համայն հայութեան մայրաքաղաք, այսօր նաեւ` սփիւռքահայութեան համախմբման, մէկտեղման հիւրընկալ իւրօրինակ կենտրոն է դարձել: Որպէս Երեւանի քաղաքապետ` ուրախ եմ, որ Ձեր բուն գործունէութեամբ օգտակար լինելուց բացի, հանդէս էք գալիս նաեւ բարեգործական օգտակար նախաձեռնութեամբ»,- նշած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Հայկական երգարուեստի տարածման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի եւ Երեւան քաղաքին մէջ իրականացուցած բարեգործական գործունէութեան համար Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Պեքթորոսօղլուին պարգեւատրած է Երեւանի քաղաքապետի ոսկէ մետալով:
«Շնորհակալ եմ այսչափ բարձր պարգեւի համար, որ ինծի ստեղծագործելու նորանոր ուժեր պիտի հաղորդէ եւ պարտաւորեցնէ նոյնքան ալ բարձր պատասխանատուութեամբ աշխատելու: Շնորհակալ եմ նաեւ Ձեր աջակցութեան համար, առանց որուն չէի կրնար համեստ ձեռնարկումով օգտակար դառնալ Հայաստան հայրենիքիս մայրաքաղաքին: Վերջերս թողարկած սկաւառակս կոչած եմ «Սէր», որմով եւս կը ցանկամ սէրս հաղորդել հարազատ ժողովուրդիս»,- նշած է երգչուհին: