«Հայրենիք-Սփիւռք Ներկայ Հիմնախնդիրներն Ու Հեռանկարները» Թեմայով Նիստին Քննարկուեցան Համահայկական Տարբեր Կառոյցներու Խնդիրները Յառաջիկայ Ընելիքները

Սեպտեմբեր 19-ի Ժ.14:30-ին մեկնարկեցին Հայրենիք-Սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովի աշխատանքները` զուգահեռաբար չորս  թեմատիկ բաժիններու մէջ:

«Հայրենիք-Սփիւռք ներկայ հիմնախնդիրներն ու հեռանկարները» թեմայով նիստին քննարկուեցան «Տարածաշրջանային առանձնայատկութիւններու հաշուառմամբ համայնքներու հետ աշխատանքներու իրականացումը», «Համահայկական կառոյցներու աւանդական կառուցակարգերն ու անոնց գործունէութիւնը, «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգերն ու ծրագիրները», «Համահայկական մասնագիտական ընկերակցութիւններու ձեւաւորման եւ գործունէութեան ընթացքը»:

Նիստերը վարեցին` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Արսէն Քարամեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան), ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանային վարիչ մարմնի ատենապետ Ալեքսան Քէոշքերեան, Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան (Ռումանիա), Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի առաջին փոխնախագահ Արամ Սարգսեան (Հայաստան), ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան (Լիբանան), ՀԲԸՄ  հայկական վիրտուալ համալսարանի հիմնադիր-նախագահ Երուանդ Զօրեան (ԱՄՆ), ՀՕՄ Վրաստանի ներկայացուցիչ  Կարինէ Թաթեւոսեան (Վրաստան):

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ հայոց պետութիւնն ու Սփիւռքը պէտք է միասնաբար օգնութեան ձեռք մեկնեն արտակարգ իրավիճակի մէջ յայտնուած իւրաքանչիւր հայորդիի` օգնութեան ձեւաչափը քննարկելով հայոց պետութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հետ: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ այսօր հաստատուած է աւելի քան 12.000 սուրիահայ` եւ պետութիւնը ստեղծած է բոլոր պայմանները անոնց մատչելի կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի ապահովման, վերապատրաստման ուղղութեամբ: Սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքները իրենց նիւթական եւ բարոյական օգնութեամբ կանգնեցին սուրիահայերու, մէջը ըլլալով` քեսապահայութեան կողքին:

«Վերադարձ Հայաստան» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին Հայաստանի մէջ արտագաղթի եւ ներգաղթի վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներ` անդրադառնալով մասնաւորապէս դէպի Հայաստան ներգաղթի փաստին, որուն մասին աւելի քիչ կը խօսուի, քան անհրաժեշտ է:

«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան (ԱՄՆ) խօսեցաւ ժողովրդավար ճանապարհով ընտրուած կառոյց ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, որ կը ներկայացնէ Սփիւռքը:

Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան (Ռումանիա) կոչ ըրաւ հպարտանալու եւ օգտագործելու Սփիւռքի մէջ ապրող այն մարդոց ուժերը, որոնք արդէն արմատներ  ձգած են իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ: Ան խօսեցաւ համազգային խնդիրները միջազգային հանրութեան ներկայացնելու հարցին մէջ մէկ միասնական որոշում կայացնելու եւ բոլոր ատեաններուն մէջ մէկ յստակ դիրքորոշմամբ հանդէս գալու հրատապ խնդիրի մասին:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան (Հայաստան), ներկայացնելով կրթօճախի գործունէութիւնը, նշեց, որ Ամերիկեան համալսարանը հայկական Սփիւռքի կողմէ մեր հայրենիքին մէջ կատարած լաւագոյն ներդրումն է, ունեցած է բազմաթիւ սփիւռքահայ հովանաւորներ:

Զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ «Վահէ Սաթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան (Լիբանան), Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան), ՀԲԸՄ հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Մելքոնեան (Լիբանան), Մոսկուայի թիւ 305 միջնակարգ կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Արմինէ Առաքէլեան (ՌԴ), Ռուս-հայկական համագործակցութիւն՚ հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրա Նաւոյեան (ՌԴ), «Ուրարտու» միութեան ղեկավար Ալեքսանդր Սարգսեան (Չեխիա),  «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան (Հայաստան) եւ այլք:

Բանախօսներն անդրադարձան տարբեր երկիրներու նահանգային, քաղաքային իշխանութիւններուն, որոնք ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որ կը վկայէ տուեալ իշխանութիւններու եւ ժողովուրդներու արդար դիրքորոշման եւ բարի կամքին, իրենց երկիրներուն մէջ հայկական կառոյցներու նպատակային գործունէութեան մասին, որ պէտք է ընդլայնուի եւ շարունակական դառնայ:

Նշուեցաւ, որ հայոց լեզուի պահպանումը մեր գերխնդիրն է, իսկ արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը պէտք է դիտարկել որպէս հայ դատի շարունակութիւն: Հայաստանը  հայապահպանութեան գլխաւոր կեդրոնը եւ Սփիւռքի մէջ ինքնութեան պահպանումը պայմանաւորուած է  հզօր Հայրենիքով:

Scroll Up