«Հայաստան-Սփիւռք» Համահայկական 5-րդ Համաժողովի Ընդունած Յայտարարութիւնը

Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին, վերստին հաստատեց, որ

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան յետագայ ընդլայնումն ու զարգացումը կը նպաստէ համազգային առաջնահերթութիւններու յստակեցման եւ իրականացման գործընթացին, հայ ժողովուրդի անվտանգ գոյատեւման, ազգային շահերու ու նպատակ­ներու շուրջ հայութեան համախմբման:

Ողջ հայութիւնը իր միասնական ջանքերը պէտք է նպատակաուղղէ.

  • Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել զօրացմանը, յետագայ յառաջ­ընթացին եւ ապահովութեանը,
  • Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի արդարացի եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ  լուծմանը,
  • Սփիւռքի առաւել կազմակերպմանը,
  • ազգային ինքնութեան պահպանմանը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբմանը,
  • Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանը, դատապարտմանը եւ հետեւանքներու վերացմանը,
  • հայ  եկեղեցւոյ  շուրջ հայութեան համախմբմանը,
  • արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու օգնութեանն ու աջակցութեանը:

Մենք` համաժողովի մասնակիցներս,

Նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական զարգացումներն ու տարածաշրջանի մարտահրաւէրները`

Կը հռչակենք

1. հետեւեալ համազգային առաջնահերթութիւնները` որպէս Հայաստան-Սփիւռք գործակ­ցութեան  գաղափարական հենք.

1.1  Հզօր եւ ապահով Հայաստանի կառուցում

Մենք  կը հաստատենք, որ միասնական ջանքերով  պիտի շարունակենք կառուցելու ապահով Հայաստան` առաւել  անվտանգ եւ հզօր դարձնելով այն:

Հայաստանը համայն հայութեան Հայրենիքն է, եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիր­ներու լուծումը, համահայկական ծրագիրներու իրականացումը հնարաւոր են միայն  հայութեան մտաւոր, նիւթական եւ կազմակերպչական կարողութիւններու ու հնարաւորու­թիւններու մէկտեղմամբ, քանզի Հայրենիքի զարգացման, անվտանգութեան համար պատասխանատուութիւն կը կրէ ամէն մէկ հայ` անկախ բնակութեան վայրէն:

Հայաստանի մէջ աղքատութեան եւ արտագաղթի մակարդակի կրճատման կարեւոր ճանա­պարհը պետական-վարչական, ընկերային եւ տնտեսական /գիւղատնտեսութիւն, զբօսա­շրջութիւն, առեւտուր, սպասարկում, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ, սննդ­արդիւ­նաբերութիւն, բնապահպանութիւն, հանքարդիւնաբերութիւն, ուժանիւթ, քաղաքա­շինութիւն եւ այլն/ բնագաւառներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներու շարունակա­կանութիւնն է, գործարար միջավայրի բարելաւումը, ներդրումներու ծաւալներու աւելա­ցումը, աշխատա­տեղերու ստեղծումը, աւելի մեծ թիւով սփիւռքահայերու ներգրաւումը տնտեսութեան մէջ  եւ անոնց շահ ստանալու համար պայմաններու ապահովումը:

Մեր միասնութեան գերխնդիրը պէտք է ըլլայ ապագայ սերունդներուն փոխանցել զարգացած եւ ժողովրդավարական, հզօր եւ ապահով Հայաստան:

1.2. Անկախ եւ անվտանգ Արցախ

Մենք հպարտ ենք Արցախի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի խիզախութեամբ եւ տոկունութեամբ:

Համաժողովրդական ազատագրական պայքարի շնորհիւ Արցախի ժողովուրդը 23 տարի շարունակ կը կառուցէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` հիմնուած միջազ­գային իրաւունքի չափանիշներու եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման  սկզբունքի վրայ:

ԼՂՀ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծումը իրականացուած եւ կ’իրականացուի նաեւ սփիւռքահայութեան նպատակային աջակցութեան շնորհիւ:

Մենք միասնաբար պիտի պայքարինք` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը քաղաքական-դիւանագիտական հարթութեան վրայ լուծելու համար եւ կը սատարենք Մինսկի խումբի համանախագահներու գործադրած ջանքերուն ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ միջազգային իրաւունքի` ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ:

Ողջ հայութիւնը հնարաւոր բոլոր միջոցներով պիտի պայքարի Ատրպէյճանի ապակառու­ցողական քաղաքականութեան, ուժի կիրառման սպառնալիքի ամէնօրեայ դրսեւորումներու, հայկական սահմաններու նկատմամբ ոտնձգութիւններու եւ ռազմատենչ կեցուածքին դէմ:

Մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք տարբեր երկիրներու նահանգային, քաղաքային իշխանութիւններուն, որոնք ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապե­տութեան անկախութիւնը, որ կը վկայէ այդ իշխանութիւններու եւ ժողովուրդներու արդար դիրքորոշման եւ բարի կամքի, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ հայկական կառոյցներու նպա­տակային աշխատանքին մասին, որ պէտք է ընդլայնուի եւ շարունակական դառնայ:

Մենք եւս մէկ անգամ կը վերահաստատենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետու­թիւնը մեր պատմական Հայրենիքի մասն է, եւ անոր ճակատագիրը բախտորոշ նշանակութիւն ունի ողջ հայ ժողովուրդին համար, ուստի մեր պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի արդարացի եւ վերջնական կարգաւորումը:

1.3. Կազմակերպուած Սփիւռք

Մենք` համայն հայութեան ներկայացուցիչներս, կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պատմական զարգացման ներկայ հանգրուանին Սփիւռքը կարեւորագոյն  գործօն է թէ’ հայ դատի պայքարին աւելի մեծ թափ հաղորդելու, թէ’ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԼՂՀ-ի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծմանը Սփիւռքի համակարգուած մասնակցութեան ապահովման համար:

Սփիւռքի կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները ազգային եւ համաշխարհային մարտա­հրաւէրներու հաշուառմամբ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց ծրագիրները, առաւել մեծ թիւով հայեր,  նորեկներ  ներգրաուին կառոյցներու աշխատանքներուն մէջ:

Հայկական կառոյցները Հայաստանի, Արցախի պետական եւ ոչ պետական  հաստատութիւններու հետ միասին   ծրագրաւորուած պէտք է`

  • առաջադրեն նոր մօտեցումներ` վերանայելու Հայաստան- Սփիւռք ռազմավարութիւնը,
  • իրենց ջանքերը նպատակաուղղեն Սփիւռքի ուծացմանը դիմակայելու, լեզուամշակութային կորուստի կանխմանը եւ Սփիւռքի նոր սերունդի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանմանը,
  • յատուկ հոգածութեան արժանացնեն այն համայնքներուն, որոնք դեռեւս ամբողջովին կազմակերպուած չեն,
  • օժանդակեն հայկական համայքներու, համայնքային կառոյցներու շուրջ հայութեան համախմբմանը:

Սփիւռքը, սփիւռքեան կազմակերպութիւնները  իւրօրինակ կամուրջ մըն են  Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան միջեւ, ուստի եւ առաւելագոյնս պէտք է նպաստեն ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսու­թեանը, խորացնեն եւ զարգացնեն Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռքի տարբեր հատուածներու միջեւ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդեն տարբեր ժողովուրդներու պատկանող սփիւռքներու հետ բարեկամական կապերը:

1.4. Հայոց լեզուն` որպէս հայապահպանութեան կռուան

Մենք յանձնառու ենք` մայրենի լեզուն իր արեւելահայ եւ արեւմտահայ ճիւղերով`  որպէս մեր լինելիութեան եւ գոյութեան գլխաւոր յենասիւներէն մէկը,  անաղարտ  պահելու, իրապաշտ եւ տրամաբանական մօտեցումով մերձեցնելու, զարգացնելու  եւ փոխանցելու սերունդներուն:

Սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կենսական հիմնախնդիրներէն է, որուն տարբեր ձեւաչափերով կ’օժանդակէ  պետութիւնը` գործակցելով համահայկական կառոյցներու, հայկական կազմակերպութիւններու հետ, անընդհատ կատարելագործելով եւ զարգացնելով գործակցութեան կառուցակարգերը:

Մեր ամէնօրեայ հոգածութեան առարկան պէտք է դառնան հայկական դպրոցներն ու մշակութային օճախները, մեր պատմական ժառանգութեան պահպանումը, հայ մտքի ստեղծագործ զարգացումը:

Մեր ջանքերը պէտք է նպատակաուղղենք հայ ընտանիքի ամրապնդմանը, աւանդոյթներու եւ սովորոյթներու, հայկական անուններու եւ ազգանուններու պահպանմանը,  հայ ընտանիքէն ներս, հայկական միջավայրին մէջ հայերէնի գործածութեան ապահովմանը:

Մեր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն ալ այն պէտք է դառնայ, որ հայ երիտասարդը, Հայրենիքի վերացական գաղափարէն բացի, կարենայ իրական ճանչնալ իր Մայր Հայրենիքը:

Մենք յստակ կը գիտակցինք, որ Հայոց լեզուն եւ հայ ազգային ինքնագիտակցութիւնը մեր ժողովուրդի յաւերժութեան անհրաժեշտ պայմաններն են, եւ ատոնց  պահպանումը Հայոց պետութեան եւ սփիւռքեան կառոյցներու գերխնդիրն է:

1.5. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Մենք կ’արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ համակողմանի աշխատանքներ կը կատարուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին` ձեւաւորելով հսկայածաւալ շարժում «Յիշում եմ եւ պահանջում…» կարգախօսով:

ՀՀ Նախագահի գլխաւորած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի եւ 50-է աւելի տարածաշրջանային յանձնախումբերու ստեղծումը նոր որակ հաղորդեց Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ պետականօրէն մշակուած եւ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման ուղղուած գործընթացներուն:

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր պետութիւններուն, հասարակական-քաղաքական գործիչներուն, բարեգործներուն, միսիոնարներուն, որոնք ցեղասպանու­թենէն ետք ապահով տանիք եւ խաղաղ պայմաններ ստեղծեցին հայութեան համար, որոնք քաղաքական խիզախութիւն ունեցան` ըսելու ճշմարտութիւնը հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան մասին:

Առանձնակի շնորհակալ ենք նաեւ այն երկիրներուն ու միջազգային կազմակերպու­թիւններուն, որոնք ճանչցած եւ դատապարտած  են Հայոց ցեղասպանութիւնը` որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած սոսկալի ոճրագործութիւն եւ կը պահանջեն Թուրքիայէն ազատելու այդ ծանր բեռէն, առերեսուելու իր պատմութեանը եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով մարդու իրաւունքներու մասին միջազգային իրաւունքի  չափանիշները եւ 1948 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած «Ցեղասպանութիւն յանցագործութիւնը կանխարգելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրը` պիտի պայքարի իւրաքանչիւր հայու անհատական, համայնքային եւ համազգային  իրաւունքներու վերականգնման համար:

Հաշուի առնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած միջազգային յանցագործութիւն է, որու ճանաչումն ու դատապարտումը չունի վաղեմութեան ժամկէտ, եւ մեր  պայքարն ուղղուած է ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման,  ամբողջ հայրենազրկուած ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման, այլեւ այն բանին, որ`

  • ալեւս երբեք եւ ոչ մէկ տեղ չկրկնուի, եւ ոչ մէկ ժողովուրդ ցեղասպանութեան չենթարկուի,
  • Թուրքիան ճանչնայ  եւ  զբաղուի հետեւանքներու վերացման հարցերով` կրելով  ոճիրի ողջ պատասխանատուութիւնը,
  • ցանկացած հայ` ծպտեալ կամ բռնի կրօնափոխուած, կարենայ իրեն հայ յայտարարել` վերջ դնելով հոգեկան տառապանքներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հետեւանքներու վերացումը այսուհետ եւս պիտի մնայ մեր քաղաքական պայքարի օրակարգին մէջ, եւ համազգային դատի վերջնական լուծման պիտի հասնինք հայութեան բոլոր հատուածներու միասնական ջանքերով` յիշելով եւ պահանջելով:

 

1.6. Համախմբում Հայ եկեղեցւոյ շուրջ

Հայ եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է եւ կը մնայ հայոց ոգիի եւ ազգային ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկը, հաւատքը եւ համամարդկային արժէքները սերունդէ սերունդ փոխանցողը, ազգանպաստ ու հայրենանուէր ձեռնարկներու նախաձեռնողն ու իրագործողը:

Հայ եկեղեցին իր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութեամբ դարերու ողջ ընթացքին  անգնահատելի ներդրում  բերած է նաեւ ազգապահպանութեան նուիրական գործին եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունի մեր պետութեան եւ աշխարհին մէջ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն առաջինը ընդունած մեր ազգի պատմութեան մէջ: Աշխարհասփիւռ դարձած հայ ժողովուրդը Հայ եկեղեցւոյ շնորհիւ երբեք չկորսնցուց իր կապը այն վեհ արժէքներուն հետ, որոնք կազմին են հայոց ինքնութիւնը:

Մենք կարեւոր կը համարենք հայ եկեղեցւոյ ամրապնդումն ու յետագայ զօրացումը` յանուն հայ ոգիի եւ ազգային ինքնութեան յարատեւման, հայ եկեղեցւոյ շուրջ ազգի  համախմբուածութիւնը:

1.7. Արտակարգ իրավիճակներուն մէջ յայտնուած հայերու անվտանգութիւնը

Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ առկայ հակամարտութիւնները կը վտանգեն նաեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ նոր մարտահրաւէր կը դառնան Հայաստանի Հանրապետու­թեան համար: Այսօր սուրիահայութիւնը ծանր օրեր  կ’ապրի եւ պատերազմի հետեւանքով արիւնաքամ կ’ըլլայ մեր մայր գաղութը, որու անդամներու կէսէն աւելին փախստական  դարձած է, իսկ միւս կէսը պատերազմական իրավիճակի մէջ ամէն օր կորուստներ կը կրէ:

Հայաստանի մէջ այսօր հաստատուած է աւելի քան հազարաւոր սուրիահայ, եւ մենք գոհունա­կութեամբ կ’արձանագրենք, որ պետութիւնը ջանացած է ստեղծել պայմաններ անոնց մատչելի կրթութեան, առողջապահութեան, զբաղուածութեան ապահովման, վերապատրաստման ուղղութեամբ:

Սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքներն իրենց նիւթական եւ բարոյական օգնութեամբ կանգնեցան սուրիահայերու, ինչպէս նաեւ` քեսապահայութեան կողքին:

Մենք  կը վերահաստատենք, որ Հայոց պետութիւնն ու Սփիւռքը միասնաբար օգնութեան ձեռք պէտք է մեկնեն արտակարգ իրավիճակի մէջ յայտնուած իւրաքանչիւր հայորդիի` օգնութեան ձեւաչափն ու կառուցակարգերը քննարկելով  պետութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հետ:

2.Հաւանութիւն տալ ՀՀ Նախագահ  Սերժ Սարգսեանի առաջարկին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  ձեռնակները համակարգող    պետական յանձնաժողովը 2015թ. Ապրիլ 24-էն ետք  վերանուանուի «Համահայկական խորհուրդ»` համակարգելու  համազգային հրատապ խնդիրները:

3. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող զանգուածային լրատուութեան միջոցները` որպէս համահայկական տեղեկատուական հսկայածաւալ ցանց, ելելով համազգային առաջնահերթութիւններէն, այսուհետ եւս առաւել հետեւողական եւ ծրագրաւորուած աշխատանքներ պէտք է իրականացնեն Հայաստանի ձեռքբերումներուն, ղարաբաղեան  հիմնախնդիրի  վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութեան աստիճանի բարձրացման ուղղութեամբ, յստակ քայլեր ձեռնարկեն թուրք-ատրպէյճանական կեղծարար, ապատեղեկատուական քարոզչամեքենայի դէմ եւ իրենց ուժերը համախմբեն նաեւ օտարալեզու զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ հայկական հիմնախնդիրներն արծարծելու, հայ դատի լուծմանը նպաստելու համար:

4. Սոյն ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հիմք պիտի ծառայէ, որպէսզի ՀՀ կառավարութիւնը` ի դէմս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ այլ պետական գերատեսչութիւններու, համահայկական կառոյցներն ու հայկական կազմակերպու­թիւնները, յանձնառու ըլլան` համապատասխան ձեռնարկներով եւ ծրագիրներով իրականացնելու  յայտարարութեան գաղափարները եւ նախանշած խնդիրները:

Մենք ուժեղ ենք միասին եւ միասնաբար պիտի կերտենք մեր պատմութիւնն ու ապագան` յանուն հզօր եւ ապահով ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, յանուն անկախ ու յաղթանակած ԱՐՑԱԽԻ եւ կազմակերպուած ՍՓԻՒՌՔԻ:

 

   ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ  5-րդ  ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆեՐ

   Երեւան- 20.09.2014

Scroll Up