Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի Ձեռամբ Եւ ՀՀ Նախագահի Մասնակցութեամբ` Տաւուշի Մարզին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սբ. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Օծման Արարողութիւնը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր մեկնած է Տաւուշի մարզ: Հանրապետութեան Նախագահը Խաչվերաց տօնին ներկայ  գտնուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ Բերդ քաղաքի նորակառոյց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ օծման արարողութեան:

Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, որու հիմնարկէքը կատարուած էր 2012թ. մայիս 20-ին, կառուցուած է բարերարութեամբ լուսահոգի Ճոն Սթիւենսի (Ֆրեզնօ, ԱՄՆ): Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Արտակ Ղուլեան, շինարարութիւնը իրականացուցած է «Այգեձոր» ընկերութիւնը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ ՀՀ Նախագահին քաղաքի մատոյցներուն մէջ դիմաւորած են Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեան, Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեան, Բերդի քաղաքապետ Յարութիւն Մանուչարեան, Բերդի տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Արամ քահանայ Միրզոյեան, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: Նորակառոյց եկեղեցւոյ առջեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ ՀՀ Նախագահին մեծ խանդավառութեամբ եւ պատուով ողջունած է Բերդի բնակիչներու բազմութիւնը: Աղ ու հացի աւանդական արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ զանգերու աւետաբեր ղօղանջներու ներքոյ Նորին Սրբութիւնը եւ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուած են եկեղեցի, ուր սկսած է շքեղակառոյց եկեղեցւոյ օծման կարգը:

Նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ մատուցուած է սուրբ Պատարագ:

Scroll Up