Սիպիլը Երեւանի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Իր Նոր` «Սէր» Ալպոմը
Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը սեպտեմբեր 18-ին Երեւանի մէջ պիտի ներկայացնէ իր նոր` «Սէր» ալպոմը:
Ձայնասկաւառակի շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուա կինոթատրոնին մէջ ժամը 17:00-ին:
Ermenihaber.am-ի հետ զրոյցին երգչուհին տեղեկացուց, որ ձայնասկաւառակի վաճառքէն գոյացած ողջ հասոյթը պիտի նուիրաբերուի Հայաստանի մանկապարտէզներէն մէկուն: Սիպիլը սիրով բոլորին կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու նորհանդէսին եւ մասնակցելու այս բարեգործական ձեռնարկին:
Նշենք, որ «Սէր» ալպոմը լոյս տեսած է այս տարուան փետրուար ամսուն: Թուրք եւ հայ հանդիսատեսի համակրանքին արժանացած երգչուհիի նոր` ալպոմին մէջ տեղ գտած են 12 երգեր`11 հայերէն, 1 արամերէն: Ալպոմին մէջ կան զուգերգներ`
հայաստանցի աստղերու հետ: Ալպոմի «Այս գիշեր» երգի տեսահոլովակը փետրուար 15-ին ցուցադրուած է թրքական «CNNTurk» հեռուստաալիքով: Աւելցնենք նաեւ, որ 2010 թուականի նոյեմբերին թողարկուած էր անոր անունով «Սիպիլ» ալպոմը, ուր ներառուած էին «Տէր ողորմեայ», «Կիլիկիա», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» երգերը: Իսկ երգացանկի առաջին երգը «Նամակ»-ն է, որ ճանաչում բերաւ երգչուհիին:
Իսկ սոյն թուականի Մայիս 11-ին Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած առաջին “World Armenian Entertainment Awards” մրցանակաբաշխութեան արժանացած է «Սփիւռքի տարուան լաւագոյն երգչուհի» մրցանակին: