«Հայաստան-Սփիւռք» 5-րդ Համաժողովի Ծիրէն Ներս Տեղի Պիտի Ունենայ Լրագրողներու Համահայկական 7-րդ Համաժողովը
Սեպտեմբեր 19-20 ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի 700-է աւելի ներկայացուցիչ` աւելի քան 60 երկրէ:
Համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան այրեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ:
Համաժողովին մէջ պիտի քննարկուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ համազգային առաջնահերթութիւններու վերանայման, լրացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայոց ցեղասպանութիւն 100: Ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրը կրող լրագրողներու համահայկական եօթերորդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու շուրջ 160 ներկայացուցիչներ:
Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ սեպտեմբեր 19-ին կայանալիք «Հայաստան-Սփիւռք» 5-րդ համաժողովի հանդիսաւոր բացման արարողութենէն ետք «Էլիտ Պլազա» բիզնես կեդրոնին մէջ պիտի մեկնարկեն նիստերը` ըստ ուղղութիւններու:
Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան չորս նիստեր: Օրակարգին պիտի ըլլան հետեւեալ թեմաները.
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան գործընթացքի լուսաբանումը;
Հայոց լեզուի իմացութեան եւ անաղարտ պահպանութեան խնդիրները;
Քարոզչութիւն, հակաքարոզչութիւն, տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրներ;
Սփիւռք-Հայրենիք գործակցութեան զարգացման միտումները եւ հեռանկարները: