Տիգրան Մանսուրեան Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Երեք Երկ Ունի

ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Տիգրան Մանսուրեան կը պատրաստուի
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած իր գործերը ներկայացնել ՀՀ նախագահի կողմէ ստեղծուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած
ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին` համերգային երեկոյ
կազմակերպելու համար:
ՀՀ նախագահի հրամանագիրով երեք տարի առաջ ստեղծուած յանձնաժողովը կը
նախապատրաստէ այն հիմնական ձեռնարկներու շարքը, որոնք պէտք է
իրականացուին 2015-ին ընդառաջ եւ 2015-ի ընթացքին:
«Ես Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին նուիրուած երեք
ստեղծագործութիւն ունեմ: Ալտի եւ նուագախմբի կոնցերտ եմ գրել` «Երեք արիայ`
երգելու Արարատին բացուած պատուհանից» խորագրով: Գրել եմ եւս մի գործ`
թաւջութակի կոնցերտ` «Ու՞ր է Աբէլ եղբայրը քո» խորագրով: Բացի այդ, ունեմ
նաեւ «Ռեքուիեմ»-ը, որը գրել եմ գերմանական ընկերութեան պատուէրով»,-
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշեց Մանսուրեան:
Անուանի երգահանի խօսքով` այս երեք ստեղծագործութիւնները միասին
միանգամայն մէկ համերգ կը կազմեն: «Պէտք է առաջարկեմ Հայոց
ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող
պետական յանձնաժողովին այդ գործերով համերգ կազմակերպել: Ի դէպ, գործերից
թաւջութակի կոնցերտը Հայաստանում դեռեւս չի հնչել»,-աւելցուց երգահանը:
Տիգրան Մանսուրեան ծնած է 1939 թուականի յունուար 27-ին, Պէյրութ:
Հայրենադարձութեան ճանապարհները անոր բերած են Հայաստան` Արթիկի շրջան,
ուր բնակութիւն հաստատած է իրենց ընտանիքը: Մանսուրեանի կամերային եւ
գործիքային ստեղծագործութիւնները բազմիցս կատարուած են Հայաստանի մէջ,
խորհրդային Միութեան մշակութային կեդրոններուն ու արտասահմանի մէջ, բարձր
գնահատուած է իրենց գեղարուեստական անկրկնելիութեան, միանգամայն նոր ազգային
ոլորտներու բացայայտման շնորհիւ: Նորագոյն միջոցներուն հմտօրէն տիրապետող
ու անոնք լայնօրէն կիրառող Մանսուրեան առաջինն էր, որ երգագրութեան
ժամանակակից հնարքներ ներմուծեց Հայաստան:
Մանրամասները` Armenpress.am կայքին մէջ: