Յունաստանի Խորհրդարանին Մէջ Քննարկուած Է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը. Էրտողան Զգուշացուցած Է «Խնդիրներու» Մասին

Յունաստանի խորհրդարանին մէջ մասամբ քննարկուած է խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի օրինագիծը, որ պատիժ կը սահմանէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքողներուն նկատմամբ: Թրքական
«Հապերլեր» լրատուական կայքին յղումով Ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ յոյն պատգամաւորները հաստատած են 6 կէտէն բաղկացած օրինագիծի 3 կէտը, իսկ միւս 3-ի քուէարկութիւնը յետաձգած են: Այս մասին կը հաղորդէ
PanARMENIAN.Net-ը:

1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ կէտերը, որոնք կը նախատեսեն միջազգային դատարաններու եւ Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները, պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւնները դիտաւորեալ ժխտողներու նկատմամբ դրամական պատիժ եւ ազատազրկում սահմանել,
քուէարկութեան կը դրուին վաղը` սեպտեմբեր 9-ին:

Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքի քննարկումը մօտ մէկ տարի է Յունաստանի խորհրդարանի օրակարգին մէջ է: Հրապարակային քննարկումներէն եւ լսումներէն ետք որոշում  կայացուած էր օգոստոսի վերջը քննարման եւ քուէարկութեան դնել օրէնքը` մտցնելով խորհրդարանի ամառնային նստաշրջանի օրակարգ, սակայն յետաձգուած էր:

Յունաստանի խորհրդարանի 3 ընդդիմադիր կուսակցութիւն դէմ  կ’արտայայտուի օրինագիծին` պատճառաբանելով, որ այն կը սահմանափակէ խօսքի ազատութիւնը եւ իրականութեան մէջ այլատեացութեան դէպքերուն դէմ կանխարգելիչ մեխանիզմներ չի պարունակեր: Իրարամերժ կարծիքներու տեղի տուած խնդրահարոյց օրինագիծով կը պահանջուի անդրադառնալ Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ճանչցուած` Թուրքիոյ մէջ իրականացուած հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեան:

Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, ներառեալ եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քննարկուած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հանդիպման ժամանակ: Անոնց հանդիպումը տեղի  ունեցած է սեպտեմբեր 5-ին Ուելսի մէջ տեղի ունեցող ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:

Էրտողան Յունաստանի վարչապետին զգուշացուցած է, որ այդ օրինագիծը թուրք-յունական յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներու պատճառ կը դառնայ: Յունական կողմն ալ ընդգծած է, որ օրինագիծը կը համապատասխանէ միջազգային
իրաւունքին եւ Եւրոպայի մէջ ընդունուած որոշումներուն: Ըստ յունական կողմի` օրէնքը պատրաստուած է ի նշան զոհուածներու յիշատակին հանդէպ յարգանքի եւ որեւէ կերպ չ’առնչուիր ժամանակակից Թուրքիոյ  հետ  արաբերութիւններուն:

«Օրինագիծի վերջնական տարբերակին համաձայն` Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ճանաչուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը կը համարուի յանցագործութիւն: Բացի այդ, յանցագործութիւն կը համարուի նաեւ այն ցեղասպանութիւններու ժխտումը, որոնք ճանչցուած են յունական կամ միջազգային դատարաններու վճիռներով»,- ըսած է Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Եարալամպոս Աթանասիուն:
Եւրոպական երկիրներէն ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքները կը գործեն Զուիցերիոյ եւ Սլովակիոյ մէջ:

Scroll Up