ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Շնորհաւորական Խօսքը «Խորէն Եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» Դպրոցի Ստեղծման 15-Ամեայ Յոբելեանի Առթիւ

«Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» դպրոցի  տնօրինութիւն,

սիրելի ուսուցիչներ եւ աշակերտներ,

յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ իմ անունէն
կը շնորհաւորեմ ձեզի «Խորէն  եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» դպրոցի ստեղծման
15-ամեայ յոբելեանի առթիւ:

Այս դպրոցը կրթական, ուսումնական եւ դաստիարակչական աշխատանքէն զատ այլ
խորհուրդ  ունի. դպրոցի անուանումը արդէն իսկ ծնողասիրութեան դաս եւ օրինակ
է մեր սերունդին համար:

Էդուարդ Աւետիսեան ի յիշատակ իր ծնողներուն ստեղծեց  մնայուն յուշարձան մը,
կրթահամալիր, որ մատաղ սերունդին կը մատուցէ որակեալ կրթութիւն: Միայն
հայրենիքի նկատմամբ սէրը, հայրենիքին ծառայելու ձգտումը եւ կրթութեան
արժէքը հասկցող հայորդին  ընդունակ է նման գեղեցիկ եւ օգտաւէտ ծրագիր
իրականացնելու:

Պատմութեան հոլովոյթին մէջ հայ ժողովուրդը ամենածանր պայմաններուն մէջ ալ
առանձնացուցած եւ արժեւորած է դպրոցի դերը` հասկնալով թէ՛ կրթական, թէ
գաղափարակա՛ն եւ թէ՛ ազգապահպան նպատակը:

21-րդ դարուն հայը պէտք է ըլլայ կիրթ, բանիմաց, մրցունակ: Այսպիսի հայու
կերտման հիմնական դարբնոցը դպրոցն է: Եւ այսօրուան դպրոցը պէտք է ըլլայ
գեղեցիկ ու բազմաբովանդակ, նորագոյն տեխնիկայով յագեցուած: Ուրախ եմ, որ
Էդուարդ Աւետիսեանի մտայղացմամբ եւ հովանաւորութեամբ այսօր երեխաներուն կը
նուիրենք միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կրթահամալիր:

Վստահ եմ, որ մանկավարժական անձնակազմը պիտի գործէ իր բարձրութեան վրայ ոչ
միայն մարդակերտումի եւ հայակերտումի իր առաքելութիւնը իրականացնելու
համար, այլեւ պահելու եւ պահպանելու այս հոյակերտ հաստատութիւնը:

Բարին ընդ ձեզ…

Յարգանքով`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Scroll Up