Արգիլուած Թեմա. Հայու Ունեցուածքը Իւրացուցած Թուրք Ընտանիքը Միլիարդատէր Դարձած Է.News.am
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/default-300x225.jpg)
Թուրքիոյ մէջ կան թեմաներ, որոնց վերաբերեալ կան չբարձրաձայնելու մասին չգրուած օրէնքներ: Այդ թեմաներէն են Ցեղասպանութենէն ետք հայերու ունեցուածքի թալանն ու իւրացումները:
NEWS.am-ն այս անգամ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ խոշորագոյն հոլտինկներէն մէկուն սեփականատէր ընտանիքի պատմութիւնը, որն ըստ հարեւաններուն, մեծապէս կապուած է հայերու ձգած հարստութեան իւրացման հետ:
Խօսքը Eren հոլտինկի սեփականատէր Էրեններու ընտանիքի մասին է: Այս ընկերութիւնը կարելի է համարել Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ հովանաւորուող մէկը: Ընկերութեան նախագահը Ահմետ Էրենն է, որ բարձագոյն կրթութիւն ստանալէ ետք 1970-էն իր ձեռքը վերցուցած է ընտանիքին պատկանող գործարարութիւնները եւ զարգացուցած է ատոնք:
Առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ ամէն ինչ տրամաբանական է, սակայն այլ բան կը խօսին Ահմետ Էրենի ծննդավայրին` Պիթլիսի մէջ: Ահմետ Էրենի ընտանիքը Պիթլիսի մէջ ապրած է հայերէն խլուած տան մէջ: Այդ տունը նոյն թաղամասին մէջ գտնուի, ուր, որ ապրած է Ուիլեամ Սարոյեանի ընտանիքը:
Հարեւանները կը պնդեն, թէ Էրեններու ընտանիքը իր նախնական դրամագլուխը ձեռք բերած է հայերէ խլուած տան մէջ յայտնաբերուած խոշոր հարստութեան շնորհիւ, այսինքն, Էրեններու գործերը սկսան լաւնալ, երբ յայտնաբերեցին հայերու ձգած հարստութիւնները: Իսկ հարեւաններէն մէկը նշած էր, որ ժամանակին հայուն պատկանած տան մէջ Էրենները բացի մեծ քանակութեամբ ոսկի յայտնաբերելէ նաեւ արուեստի թանկարժէք գործեր յայտնաբերած են:
Էրեն հոլտինկին մէջ կը մտնեն ուժանիւթի, գործուածքներու, հանքարդիւնաբերութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, մեքենաշինութեան, խոշորածաւալ բեռնափոխադրումներու ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող տասնեակ ընկերութիւններ: Բացի այդ, Էրեն ընկերութիւնը կը զբաղի համաշխարհային շարք մը ապրանքանիշներ Թուրքիոյ եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ ներկայացնելով: Էրեն հոլտինկ ընկերութիւններուն մէջ կ’աշխատին 8 000-է աւելի մարդ:
Արթուր Յակոբեան
news.am