Դեսպան Քոչարեան Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Վարչապետին

Օգոստոս 6-ին Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Դեսպանը Լիբանանի վարչապետին փոխանցեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի` Հայաստան այցելելու պաշտօնական հրաւէրը:

Հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատեց երկու բարեկամ երկիրներու երկկողմ
յարաբերութիւններու մակարդակը:
Միաժամանակ նշուեցաւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խորացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը, մօտակայ ժամանակներուն միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի գումարման, ինչպէս նաեւ գործարար համաժողովի կազմակերպման կարեւորութիւնը:

Անդրադարձ եղաւ Լիբանանի ներքաղաքական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն: Ընդգծուեցաւ լիբանանահայ համայնքի կարեւոր դերը Լիբանանի զարգացման գործին մէջ:

Լիբանանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրի համար եւ խնդրեց իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up