Ազատիլ Զոհի Բարդոյթէն Եւ Շեշտադրել Պայքարող Ժողովուրդի Կերպարը. Յորդոր Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Դասաւանդող Ուսուցիչներուն
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի 30 ուսուցիչներ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կը մասնակցին «Ինչպէս դասաւանդել Հայոց ցեղասպանութեան թեման» խորագիրով ամառնային դպրոցին: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի խօսքով`թանգարան-հիմնարկը կարեւոր կը նկատէ դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի ճիշդ մատուցումը, քանի որ այն իր մէջ որոշակի մարտահրաւէրներ կը պարունակէ: «Խնդիրն այն է, որ մեր դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան թեման վերջին տարիներուն Հայոց պատմութեան պարզապէս ընթացիկ թեմաներէն մէկը դարձած է, մինչդեռ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի իւրայատկութիւնը այն է, որ ատոր պէտք է յատուկ մօտեցում ցուցաբերել:
Ինչու, որովհետեւ թեման իր մէջ կը կրէ բարդութիւններ, վտանգներ կը պարունակէ. սխալ մատուցման պարագային այն լուրջ հոգեբանական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երեխաներուն վրայ, կրնայ բարդոյթներ յառաջացնել անոնց մօտ: Այս դասընթացներուն իմաստը այն է, որ մենք պիտի փորձենք նորովի, նոր մատուցման մեթոդաբանութիւն տալ Հայոց պատմութիւն դասաւանդող մեր ուսուցիչներուն, որոնք յետագային դպրոցներուն մէջ պիտի կիրառեն այդ մեթոդաբանութիւնը»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` ըսաւ Սուրէն Մանուկեան:
Անոր տեղեկացմամբ` ամառնային դպրոցի աւարտին պիտի մշակուի ուղեցոյց ուսուցիչներուն համար, թէ ինչպէս անոնք ճիշդ դասաւանդեն թեման: «Ուղեցոյցի մէջ կ’ըլլայ գրականութեան ցանկ, որ կը պարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքեր, որոնք անցած են փորձաքննութիւն ու չեն պարունակեր երկակի ճշմարտութիւններ»,-փաստեց Սուրէն Մանուկեան:
Թանգարանի փոխտնօրէնի դիտարկմամբ` դասընթացքի կարեւոր շեշտադրումներէն է այն, որ պէտք է վերանալ զոհի բարդոյթէն, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան մատուցումը չըլլայ զոհի, կոտորուածի հոգեբանութիւնը տարածելն ու շարադրելը: «Այն աւելի պատասխատու, աւելի գրագէտ, հպարտ սերունդ կրթելուն պէտք ուղղուած ըլլայ: Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական նպատակը հայ ազգին հիմնովին վերացնելն էր, բայց մեր ազգը, ըլլալով տոկուն, պայքարող ազգ, կրցաւ ոչ միայն վերապրիլ ցեղասպանութիւնը, այլեւ ստեղծել պետականութիւն ու 21-րդ դար մտնել արդէն անկախ պետութեամբ: Այս շեշտադրումներն են, որ պէտք է փոխացենք երեխաներուն, պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան դասերը, խորհուրդները սորվիլ, բայց միաժամանակ հպարտ ըլլալ մեր ազգով ու պատմութեամբ»,-ընդգծեց Սուրէն Մանուկեան:
Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցի վերաբերեալ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ կիրառելի դասագիրքի հեղինակ Ռուբինա Փիրումեան ուսուցիչներուն նախ ներկայացուց, թէ ինչու կը տեսնէ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման կարեւորութիւնը: «Եթէ ես օտար երկրի մէջ փորձէի քաջալերել օտար ուսուցիչներուն իրականացնելու Հայոց ցեղասպանութեան դասընթացքը, պէտք է կրկնէի այն միտքը, որ «Անոնք, որոնք կը մոռնան անցեալը, դատապարտուած են այն կրկնելու»: Պիտի կրկնէի Հիթլերի խօսքը` «եւ ով այսօր կը յիշէ հայերու ցեղասպանութեան մասին» ու ըսել, եթէ աշխարհը ճանչնար հայկական ջարդերը, դատապարտէր ու պատժէր ոճրագործները, չէր ըլլար Հոլոքոստը»,-ըսաւ դասախօսը:
Ռուբինա Փիրումեան ուսուցիչներուն յորդորեց դաստիարակել այնպիսի սերունդ, որ իրազեկ է հայոց եւ համաշխարհային պատմութեան, տեղեկացուած պատմութեան մէջ տեղ գտած իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն, որպէսզի յետագային նոր սերունդը չհանդուրժէ այդ խախտումները: Ռուբինա Փիրումեանի խօսքով` պէտք չէ երեխաներուն մէջ սերմանել, որ հայերը խեղճ եղած են, ատոր համար ալ անոնց կոտորած են: «Պէտք է դուրս հանել այդ բարդոյթն ու վախը: Շատ ճիշդ է, որ ցեղասպանութիւնը իրականացուցած են թուրքերը, իսկ քիւրտերն ալ գործիք եղած են անոնց ձեռքը: Բայց թուրքի դէմ ատելութիւն ու վախ ստեղծելը սխալ է, քանի որ այդ ժողովուրդը օր մը գիտակցութեան պիտի հասնի, իսկ անոնց հանդէպ վախով ապրիլը մեզի կը վնասէ»,-ըսաւ ամերիկահայ դասախօսը` խորհուրդ տալով սկզբնական շրջանին մէջ շատ զգուշօրէն խօսիլ ցեղասպանութեան մասին:
«Պէտք է սկիզբը սերմանել այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են համագործակցութիւնն ու յարատեւ աշխատանքը, արդարութիւնն ու բարեկամութիւնը, ընկերասիրութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը»,-նշեց Ռուբինա Փիրումեան:
Երեւանէն Արցախ տեղափոխուած ու Քարվաճառի դպրոցականներուն Հայոց պատմութիւն դասաւանդող Դաւիթ Եղիազարեան կարեւոր կը համարէ նման համագումարներու իրականացումը, քանի որ ատոնք փորձի փոխանակման հնարաւորութիւններ կու տան:
«Ուսուցիչները կը հանդիպին, փորձի փոխանակում կ’ըլլայ, իւրաքանչիւրը կը պարզէ նոր մօտեցումներ, որ կ’օգնէ երեխաներուն թեման ներկայացնելու ժամանակ: Ցեղապանութեան թեման շատ լայն է, շատ մասնագիտական խնդիրներ երբեմն ուսուցիչներուն հասու չեն, որոնց ծանօթանալը շատ կարեւոր է»,-ըսաւ երիտասարդ ուսուցիչը:
Հարցին ի պատասխան, թէ որքանով դպրոցականները տեղեկացուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, Դաւիթ Եղիազարեան նշեց. «Այնքանով, որքանով ներկայացուած են դասագիրքերուն մէջ: Դասագիրքերու մէջ բաւականին ծաւալուն ներկայացուած է թեման, բայց ցանկալի կ’ըլլար, որ ծրագիրին զուգահեռ ըլլային ձեռարկներ, քննարկումներ այդ թեմայով»,-աւելցուց ուսուցիչը:
Ամառնային դպրոցի ժամանակ դասախօսութիւններով հանդէս եկան Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաշխատող, հայոց լեզուի եւ գրականութեան դոկտոր Ռուբինա Փիրումեան, պ.գ.դ., ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի յառաջատար գիտաշխատող Յարութիւն Մարութեան եւ պ.գ.թ., ՀՀ ԳԱԱ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան: