Կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Կից Ատեանի Հերթական Նիստը

Յուլիս 29-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը, որ կը վարէր նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Օրակարգին մէջ էին Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ իրականացուող §Գործուն Հայ կանայք. Համայնքերու կառուցում ամբողջ աշխարհի մէջ» համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու մասին տեղեկատուութիւնը, Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան 2013 թուականի մարտէն մինչեւ 2014 թուականի յուլիսը իրականացուած աշխատանքներու վերաբերեալ հաշուետուութիւնը, 2013-14 թթ. ընթացքին ՀՀ ՍՆ ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութիւնը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հարցեր::

§Գործուն Հայ կանայք. Համայնքերու կառուցում ամբողջ աշխարհի մէջ» համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին վերաբերեալ զեկուցեց ՀԱՀ դասախօս Արփի Բալեան: Ան նշեց, որ 7-րդ միջազգային համաժողովը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 9-12, որ կ’իրականացուի  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի եւ Հայ կանանց միջազգային միութեան համատեղ ջանքերով: Համաժողովի ծիրէն ներս պիտի լսուին զեկուցումներ §Իսլամացած հայեր, §Ցեղասպանութիւնը եւ կանանց շարժումը մշակոյթի պահպանման համար», §Կանանց իրաւունքները Միջին Արեւելքի մէջ», §Կանայք համաշխարհայնացող աշխարհի մէջ», §Հայ կին գրողները ցեղասպանութեան մասին» եւ այլ թեմաներով: Պիտի կազմակերպուին գիրքերու շնորհանդէսներ,  ցուցադրուին §Տատիկիս դաջուածքները», §Արտոյտներու ագարակը» շարժանկարները:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց  Արփի Բալեանին Պոսթօնի եւ Լոս ԱնՃելըսի կազմակերպութիւններուն հետ արդէն կէս տարի համաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ շատ աշխոյժ աշխատելուն համար: Նախարարը առաջարկեց յատուկ ծրագիր մշակել համաժողովի մասնակից, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրէնսդրական նախաձեռնութեան հեղինակ Վալերի Պուայէի այցը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար: Քննարկուեցան կազմակերպական  այլ հարցեր:

Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան 2013 թուականի մարտէն մինչեւ 2014 թուականի յուլիս իրականացուած աշխատանքներուն վերաբերեալ հաշուետուութիւնը ներկայացուց  վարչութեան պետ Կ. Սարգսեան: Ան նշեց, որ հաշուետու ժամանակահատուածին մէջ իրականացուած է վարչութեան 2013 եւ 2014 թուականներու աշխատանքային ծրագիրի §Սփիւռքի համայնքներու մէջ տեղի ունեցող յիշարժան իրադարձութիւններու վերաբերեալ տեղեկատուական նիւթերու հաւաքման, մշակման եւ շուրջ 600 էջ ծաւալով §Հայկական Սփիւռք-2012» եւ §Հայկական Սփիւռք-2013»  տարեգիրքերու հրատարակման հետ կապուած աշխատանքները: Իրականացուած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան ձեռագիրները թուայնացնելու ծրագիրը:

Մատենադարանի 5 ձեռագրագէտ գործուղուած են Զմմառի Պատրիարքական Միաբանութիւն` ձեռագիրներու թուայնացման աշխատանքներուն մասնակցելու, ձեռագիրները մատենագրելու, մշակելու եւ առանձին հատորներու տեսքով հրատարակելու նպատակով:

Սպահանի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի, Սպահանի Հայոց թեմի եւ Մատենադարանի հետ համատեղ Երեւանի մէջ իրականացուած է §Նոր Ջուղայի օրեր» ծրագիրը:

Զեկուցողը կարեւոր համարեց, որ յաջողած է Սփիւռքի համահայկական կառոյցներու հետ հաստատել վստահութեան մթնոլորտ: Համագործակցութեան յուշագիրներ  կազմուած են §Ռուսաստանի հայերու միութեան» եւ §Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի», §Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան», ՀԲԸՄ-ի, Հայ օգնութեան միութեան, Հայ մարմնակրթութեան ընդհանուր միութեան, Հովարդ Կարագեօզեան յիշատակի ընկերակցութեան, §Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի» եւ Քալիֆորնիոյ §Արփա» հիմնարկին  հետ: Առաջին երկու համահայկական կազմակերպութիւններուն հետ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ կնքուած են յուշագիրներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ դրական կը գնահատէ հոգեւոր եւ համահայկական կառոյցներու հետ աշխատանքը, բայց միջազգային կառոյցներու հետ տարուող աշխատանքները դեռ բաւարար չեն: §Մեր նկատմամբ աճող վստահութիւնը մեզ թոյլ չի տալիս թերանալ», -ըսաւ նախարարը: Նախարարը առաջարկեց յառաջիկային կազմակերպել Սուրբ Ղազարի օրեր Հայաստանի մէջ:

2013-14 թթ. Ընթացքին ՀՀ ՍՆ ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին. հաշուետուութիւնը ներկայացուց  ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ եւ Մոլտովայի հայ համայնքներու հետ կապերու բաժինի պետ Է. Յովսէփեան: Ան նշեց, որ 2013-2014թթ. կազմուած է եւս 25 հայկական համայնքի անձնագիր: Համայնքային անձնագիրները մշտապէս կը լրամշակուին եւ կը թարմացուին: 2012 թ. վարչութիւնը աշխատանքներ կը տանի  ԱՊՀ տարածաշրջանի հայ համայնքներու կրթամշակութային խնդիրներու լուծման օժանդակութեան ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ: Է. Յովսէփեան ներկայացուց 2013-2014թթ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն տարածաշրջանի երկիրներու մասնակցութեան վիճակագրութիւնը, զեկուցեց համայնքներու հետ իրականացուող այլ աշխատանքներուն մասին:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ պէտք է աւելի աշխոյժ աշխատիլ բոլոր համայնքներուն հետ: Կապեր հաստատել բոլոր ամենահեռաւոր ու փոքր համայնքներու ղեկավարներուն հետ, հրաւիրել համաժողովին: Ուքրանական դէպքերու հետ կապուած գաղափարական քաղաքական անդրադարձ կատարել, պարզել  իրավիճակը տեղուոյն վրայ, մարդոց կարիքները: Նախարարը կարեւոր նկատեց լուսաբանման խնդիրը, կապը տեղական թերթերու ու կայքերու հետ, նշեց, որ պէտք է աւելցնել տեսաժողովներու թիւը եւ ընդգրկումը:

Ամփոփելով նիստը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ անցնող ամիս յագեցած էր հետաքրքիր եւ բազմաբովանդակ ձեռնարկներով: Յաջողութեամբ կ’ընթանայ  §Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, իւրաքանչիւր 14 օրը մէկ կը մեկնարկէ §Արի տուն» ծրագիրի հերթական փուլը: Այսօր գլխաւորը օգոստոս 1-ին մեկնարկող §Իմ Հայաստան» փառատօնի երգչախմբային օրերու մեկնարկի կազմակերպումն է, բացման արարողութեան եւ համերգներու պատշաճ լուսաբանումը:

Scroll Up