Նշուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանի Եւ Մշակութային Կեդրոնի Հիմնադրման 180 Ամեակը

Յուլիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180 ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, վարժարանի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Մխիթարեաններուն վարժարանի 180 ամեակի առթիւ` նշելով, որ հեռատես գտնուելով` Մխիթարեանները 180 տարի առաջ հիմնեցին այս դպրոցը` գլխաւոր սկզբունք դարձնելով հայ հաւատքի, կրթութեան, մշակոյթի եւ լեզուի պահպանումը: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ 36 այսպիսի դպրոցներ  ստեղծուած են, որոնց հազարաւոր սաներ բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են անուանի մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի Օ տէ Սէնի մարզպետ, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, հայազգի Պատրիկ Դեւեճեանի մեծ աջակցութիւնը այս վարժարանին, որու շրջանաւարտն է ան: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեաններու իրական ժառանգորդ Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանին վարժարանի գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ վաստակի համար, որն իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին եւ այսօր ալ մեծ պատիւ ու հեղինակութիւն կը բերէ: Ֆրանսական կառավարութիւնը աւանդաբար մեծ կարեւորութիւն  տուած է եւ կու տայ այս վարժարանին:

Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ գործունէութեան համառօտ պատմութիւնը ներկայացուց Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան:

Հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ Մխիթարեաններու դպրոցի դերին մասին պատմեցին եւ 180 ամեակի առթիւ շնորհաւորեցին Արմէն Տէր-Ստեփանեանը Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն եւ ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինստիտուտի փոխտնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը:

Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով նկարահանուած  Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող տեսաֆիլմ, տեղի ունեցաւ կեդրոնի պատմութիւնը լուսաբանող լուսանկարներու, գիրքերու եւ Մխիթարեաններու վարժարաններու նշանաւոր սաներու մասին արխիւային այլ նիւթերու ցուցադրութիւն:

Հնչեցին Մխիթար Աբբահոր շարականներ, Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի ստեղծագործութիւնները ներկայացուցին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները:

Scroll Up