Լիոնի ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Բացումը
Յուլիս 21-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Ռոն-Ալպի քաղաքապետ ժան-Ֆրանսուա Գարէնսոն, Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոմպը, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Դանիէլ Շուզեւիլը կատարեցին Լիոնի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Շարլ Ազնաւուրը, Ֆրանսայի խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայանքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, լրատուամիջոցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկները հանդէս գալով ողջոյնի խօսքով` ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր համարեց Լիոնի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումը` ընգծելով, որ Լիոնը եւ Ռոն-Ալպի տարածաշրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունին հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու եւ բազմաբովանդակ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
«Լիոնի մէջ հայերու ներկայութեան մասին առաջին յիշատակումները կու գան դեռ միջնադարէն. սկիզբը` վաճառականները, այնուհետեւ մետաքս արտադրող հայերը հաստատուած եւ արարած են այս տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ նախարար Նալբանդեան:
«Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հազարաւոր հայեր, յայտնուելով Մարսէլի մէջ, բարձրացան Հռենոսի հունով եւ երկրորդ Հայրենիք գտան Լիոնի մէջ, Վալանսի, Գրենոբլի, Վիենի, Ռոմանի, Վիլեորբանի, Ս.-Էտյէնի, Տեսինի, Ս.-Շամոնի մէջ եւ այլուր: Անոնք ֆրանսական հասարակութեան եւ իրենց նպաստը բերին եւ կը շարունակեն ներդրում ունենալ Ռոն-Ալպի եւ անոր քաղաքներու զարգացման:
Այսօր, Լիոնն ու Ռոն-Ալպի տարածաշրջանը` իր հայկական եկեղեցիներով, յուշարձաններով, դպրոցներով, մշակութային եւ մարզական կեդրոններով, կը վկայեն հայերու ընդելուզման բարձր մակարդակին, միեւնոյն ժամանակ` Հայաստանի հետ կապուածութեան մասին:
Այս տարածաշրջանին մէջ հայերուն, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հարիւրաւոր յուշարձաններ, հրապարակներ, փողոցներ ու խաչքարեր կան: Ես ջերմութեամբ կը յիշեմ Լիոնի քաղաքապետի հետ միասին 2006թ. ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշարձանի բացման յուզիչ արարողութիւնը»:
Նախարար Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնեց Լիոնի եւ Ռոն-Ալպի մարզային, շրջանային եւ համայնքային իշխանութիւններուն, հայկական կազմակերպութիւններուն, ծագումով հայ քաղաքացիներուն` շարունակական աջակցութեան եւ հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր ներդրման համար:
Շնորհաւորելով ներկաներուն գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման առիթով` նախարար Նալբանդեան համոզմունք յայտնեց, որ այն` գլխաւոր հիւպատոս Նիկոլա Սարկիսովի ղեկավարութեամբ, իր կարեւոր ներդրումը կ’ունենայ հայ-ֆրանսական փոխյարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման գործին մէջ:
Գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Ռոն-Ալպի քաղաքապետ Ժան-Ֆրանսուա Գարէնսոն, Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոմպը, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Դանիէլ Շուզեւիլը, որոնք բարձր գնահատեցին Լիոնի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումը` վստահութիւն յայտնելով, որ այն նոր որակ եւ թափ պիտի հաղորդէ հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան` Լիոնի եւ Ռոն-Ալպի այլ բնակավայրերու եւ անոնց հայաստանեան գործընկեր քաղաքներու միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման ու ընդլայնման:
Ելոյթներէն ետք Հայաստանի օրհներգի հնչիւններու ներքոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին առջեւ բարձրացուեցաւ ՀՀ պետական դրօշը, այնուհետեւ Էդվարդ Նալբանդեան, Շարլ Ազնաւուր, Ժան-Ֆրանսուա Գարէնսոն, Ժերար Գոլոմպը, Դանիէլ Շուզեւիլը եւ Նիկոլա Սարկիսովը կտրեցին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը:
Գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութիւնը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ լրատուամիջոցներու կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն: