Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանը Պղծուած Է
Լիոնէն ոչ հեռու գտնուող Վիլորպան քաղաքի` 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը բարբարոսութեան ենթարկուած է:
Հանուած են յուշարձանին վրայ տեղադրուած գրութեան տառերէն մի քանին, ինչ որ անկարելի դարձուցած է կարդալ այդ գրութիւնը, որ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Յուշարձանը կանգնեցուած էր 23 Ապրիլ 2005 թուականին` ցեղասպանութեան 90-րդ տարելիցին առիթով Վիլորպանի քաղաքապետ Ժան-Փոլ Պրտէի կողմէ: Ասիկա բարբարոսութեան երկրորդ դէպքն է` ուղղուած հայկական համայնքին դէմ:
Մէկ շաբաթ առաջ պղծուած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմի հերոս Միսաք Մանուշեանի` Մարսէյի մէջ գտնուող կիսանդրին: Անյայտ անձեր նացիական խաչ նկարած էին նացիականութեան դէմ պայքարած հերոսի կիսանդրիին վրայ:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու կազմակերպիչ խորհուրդը դատապարտած է այս երկու արարքները այդ առիթով հրապարակած յատուկ հաղորդագրութեամբ` զանոնք որակելով իբրեւ այսօրուան թրքական կառավարութեան ժխտողական քարոզչութեան հետեւանք, որովհետեւ «Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարիլը կը հանդիսանայ անոր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը»:
«Համայնքին դէմ գործուած այս երկու ընդվզեցուցիչ արարքները առիթ տուած են ֆրանսահայ կազմակերպութեան յիշեցնելու ժխտողականութեան դէմ օրէնք ընդունելու այն յանձնառութիւնը, որ ստանձնած էին Ֆրանսայի ներկայիս, ինչպէս նաեւ նախկին իշխանութիւնները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: