Կարօտի Ճամբաներով…
«Արի տուն» ծրագիրի 2-րդ փուլի մասնակիցներ Նայիրա Եփրեմեանն ու Արմէն Մաչկարեանը նպատակ ունին ուսումը շարունակելու Հայաստանի մէջ: Լատվիայէն ժամանած Նայիրան Հայաստան կը գտնուի ընտանիքին հետ: Յետագային ուսումը Հայրենիքի մէջ շարունակելու մտադրութեամբ, անոնք եղած են մայրաքաղաքի շարք մը դպրոցներու մէջ, հարցուփորձ ըրած, տեղեկացած ուսումնական ծրագիրներու մասին:Նայիրան հիացած է Հայաստանի եկեղեցիներով, իսկ ամէնէն շա՜տ Խոր Վիրապով: Կը խոստովանի, որ մեծ սիրով սորված է մեր ազգային երգն ու պարը, հայոց պատմութեան կարեւորագոյն էջերը: Նայիրայի համար Հայրենիքը առեղծուածներով լեցուն հրաշք երկիր մըն է,որուն հրաժեշտ տալը շատ դժուար է: Աղջիկը համոզուած է, որ հրաժեշտն անպայման նոր հանդիպումի մը սկիզբ կը դառնայ: Վրաստանէն եկած 14-ամեայ Արմէն Մաչկարեանն ալ ամէնէն շատ սիրած է Գառնիի հեթանոսական տաճարը, շրջակայ բնութիւնը, մաքուր օդն ու սառնորակ ջուրը, ինչպէս նաեւ տաճարի հարեւանութեամբ գործող հայկական գունագեղ շուկան` ախորժելի գաթաներով, հայկական ջուրերով, պահածոներով եւ ինքնատիպ յուշանուէրներով: «Դեռ որքան գոյներ ունի Հայրենիքս,որոնք չեմ տեսած….»,- կ’ըսէ Արմէնը:
Հայորդիներէն շատերուն համար Հայրենիքը առեղծուած է ու մեծ խորհուրդ. անոնցմէ շատերուն աչքերուն մէջ կայ հայրենաբաղձութեան անափ կարօտը….Այդ կարօտի ճամբաներով ալ անոնք կրկին կու գան Հայրենիք: