Հայոց Լեզուի Արագացուած Դասընթացքով Մեկնարկեց «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցը

Յուլիս 7-ին հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքով մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, որ կ’իրականացուի Երեւանի պետական համալսարանին հետ համատեղ: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքին մասնակցութեան իրաւունք ստացած է 110 սփիւռքահայ աշխարհի 15 երկրէ:
Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքի խումբերը ձեւաւորուած են մասնակիցներու լեզուական գիտելիքներու մակարդակին համապատասխան:
Բոլոր մասնակիցները ստացած են ուսումնական եւ ձեռնարկներու ծրագիրներու
ուղեցոյցներ, դասացուցակ, ինչպէս նաեւ ուսումնաօժանդակ անհրաժեշտ պարագաներ: