«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Յուլիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու, Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստման, երիտասարդ առաջնորդներու, համայնքային գործի կազմակերպիչներու,  հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու մասնակիցները հանդիպեցան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:

Ողջունելով ներկաները` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն նախարարութեան ծրագիրներուն մասնակցելու համար: «Ես հաւատում եմ, որ այս օրերը որ անցկացրիք Հայաստանում, այն գիտելիքները, որ ձեռք բերեցիք դասընթացներին մասնակցելով` օգտակար կը լինեն ձեր համայնքներում կեանքը կազմակերպելու, աշխուժացնելու համար: Կարեւոր է, որ այսուհետ աւելի լաւ կը ճանաչէք Հայրենիքը, կ’ընդլայնէք կապերը միւս համայնքների հետ», – ըսաւ ան:

Նախարարը մասնաւորապէս նշեց, որ նախարարութեան ծրագիրները Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ոչ միայն Հայաստանը տեսնելու, հայերէն սորվելու, այլեւ հայու ինքնութեան ամրապնդման, ազգային խնդիրները միջազգային հանրութեան ներկայացնելու եւ համախմբուած գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւն  կ’ընձեռեն, կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման:

Ցուցադրուեցաւ նախարարութեան ծրագիրներուն մասին պատմող տեսաերիզ, ուր նախարարը տուաւ սփիւռքի սահմանումը, խօսեցաւ նախարարութեան քաղաքականութեան իրականացման գործիքներուն ու հայապահպանութեան խնդիրները լուծելու առաջնահերթութիւններուն մասին:

Նախարարը պատասխանեց մէկօրեայ դպրոցներու, դասագիրքերու առաքման, գործարարութեան հարկերու, իսլամացած հայերու վերաբերեալ ներկաներու հարցերուն:

Ամփոփելով հարց  պատասխանը, նախարարը նշեց. «Դուք դրսում ձեր խելքով, վարքով, աշխատասիրութեամբ հայի պատիւն էք բարձրացնում», – նշեց նախարարը եւ աւելցուց. «Որքան Սփիւռքը ուժեղ լինի, ոչ թէ մեծ, այլ ուժեղ, մեր պատիւն է: Արցախը մեր խիղճն է, ոգին: Հայաստանը մեր յոյսը, մեր հաւատն է, որի շուրջը մեր պատիւն ու խիղճը պիտի համախմբուեն»:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի վեց ուղղութիւններու դասընթացներուն կը մասնակցին  220 –է աւելի սփիւռքահայ երիտասարդներ Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ, Իրանի, Շուէտի, Պելճիգայի, Ուրուկուէյի, Իտալիոյ, Վրաստանի հայկական համայնքներէն:

Scroll Up