Պոլսահայ Յայտնի Լուսանկարիչին Պողազիչի Համալսարանը Շնորհած Է «Պատուոյ Դոկտորի» Կոչում
Պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերը Սթամպուլի Պողազիչի համալսարանի կողմէ արժանացած է «Պատուոյ Դոկտորի» կոչման:
Ալբերտ Լոնկ Հոլլ սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկին ժամանակ Պողազիչի համալսարանի տնօրէն Կիւլա Պարպարոսօղլուն «Պատուոյ դոկտորի» կոչման հաւաստագիրը անձամբ յանձնած է անուանի արուեստագէտին:
Տնօրէնը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Կիւլերին այս կոչումը կը շնորհուի Թուրքիքյ պատմութիւնն ու առօրեան աշխարհին ներկայացնելու համար:
Թրքական «Մանշէթ թիվի» լրատուական կայքի հաղորդմամբ` հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է նաեւ Նոպելեան մրցանակակիր թուրք գրող Օրհան Փամուքը, որն իր խօսքին մէջ նշած է, թէ հեշտ է մեծանուն նկարիչին պարգեւատրելը, սակայն ամենակարեւորը անոր գործերու արխիւի պահպանութիւնն է:
Կը հաղորդուի, որ Կիւլերի աշխատանքները պիտի ցուցդրուին Պողազիչի համալսարանին մէջ ամբողջ յուլիս ամսուան ընթացքին:
Ermenihaber.am