Դեսպան Փոլատեանի Հանդիպումները Լաթաքիոյ Մէջ

Յուլիս 1-3 Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի եւ Դամասկոսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Լաթաքիա նահանգ: Այցի ծիրէն ներս յուլիս 1-ին դեսպան Փոլատեան հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ նահանգապետ Ահմատ Շէյխ Ապտուլքադերի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Լաթաքիոյ նահանգապետը ՀՀ դեսպանին ներկայացուց նահանգի սոցիալ-տնտեսական իրավիճակը: Երկուստեք ընդգծուեցաւ Լաթաքիոյ, ինչպէս նաեւ քեսապահայութեան աւանդական ծանրակշիռ դերը նահանգի սոցիալ-տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ, միտքեր փոխանակուեցան ներկայիս անոնց առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու եւ ատոնց լուծման հնարաւոր ուղիներու վերաբերեալ: Այդ ծիրէն ներս Լաթաքիոյ նահանգապետը եւ դեսպան Փոլատեան անդրադարձան վերջերս սուրիական բանակի կողմէ ազատագրուած հայաբնակ Քեսապի մէջ այժմ տիրող իրադրութեան:

Այցի ծիրէն ներս  դեսպան Փոլատեան այցելեց Քեսապ, ուր քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանի եւ շտապօգնութեան մարմինի հետ քննարկեց քեսապահայերու` հայրենի քաղաք վերադարձի եւ նոր կեանք սկսելու հետ կապուած դժուարութիւններն ու ատոնց լուծման հնարաւոր ուղիները: Դեսպանը այցելեց նաեւ Քեսապի ռազմական ընդհարումներու ընթացքին տուժած հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային կեդրոնները:

Այնուհետեւ Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ
քաղաքացիի անձնագիրներու յանձնման արարողութիւնը: Ձեռնարկին  մասնակցեցան Լաթաքիոյ հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրներ ստացան  քանի մը տասնեակ լաթաքիահայեր:

Շնորհաւորելով անձնագիր ստացողներուն` դեսպան Փոլատեան ընդգծեց, որ
իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ մեծ եւ յիշարժան իրադարձութիւն է ՀՀ քաղաքացի դառնալը, եւ յոյս յայտնեց, որ իրենց գործունէութեամբ անոնք
մշտապէս բարձր կը պահեն ՀՀ քաղաքացիի պատիւը:

Իրենց ելոյթներուն մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչները բարձր գնահատեցին ՀՀ ղեկավարութեան դերակատարութիւնը թէ՛ քեսապահայութեան, թէ՛ առհասարակ սուրիահայութեան խնդիրներուն լուծումներ գտնելու հարցին, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up