Զապէլ Վասիլեան. «Վիքիպեդիան Արեւմտահայերէնի Պահպանման Մէջ Մեծ Դեր Կրնայ Ունենալ…»

Վիքիպեդիան ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու հանրագիտարանային նախագիծ է, որ սկսած է գործել 2001 թուականէն: Վիքիպեդիայի աւելի քան 30 միլիոն յօդուածները (մէջը ըլլալով` շուրջ 122 086 հայերէն) ստեղծուած են ինքնակամ մասնակիցներու կողմէ եւ կրնան  խմբագրուիլ համացանցէն օգտուող ցանկացած անձի կողմէ: 

«Հայերէն Վիքիպեդիան» վիքիպեդիա հանրագիտարանի հայալեզու տարբերակն է: Հայաստանի մէջ «Վիքի» նախագիծերու տարածումը եւ զարգացումը խթանելու նպատակով  2013 թուականի մայիս 14-ին հիմնադրուած է «Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական-հասարակական կազմակերպութիւնը:

Մեր զրոյցն այսօր Զապէլ Վասիլեանի հետ է: Զրուցակիցս այն կամաւորներէն է, որոնք կ’աշխատին Վիքիպեդիայի արեւմտահայերէն բաժինի վրայ: Տիկին Զապէլին հիւրընկալուեցանք իր երեւանեան բնակարանին մէջ: Թէեւ մեր հանդիպման առիթը Վիքիպեդիայի շուրջ խօսիլն էր, սակայն հնարաւոր չէր շրջանցել այն փաստը, թէ ինչպէս տիկին Զապէլը Հայաստան տեղափոխուած է: Նախ այդ մասին:

– Տիկի´ն Զապէլ, ինչպէ՞ս որոշեցիք Հայաստան տեղափոխուիլ:

– Երբ աղջիկս` Անահիտը, 8-րդ դասարանը աւարտեց, զգացինք, որ հայերէնը կամաց-կամաց կը նահանջէ (թէեւ հայկական շաբաթօրեայ դպրոց կը յաճախէր): Մենք կ’ապրէինք  Նիւ Ճերսիի հարաւը, ուր  շատ քիչ հայեր կային: Անգամ Նիւ Ճերսիի հիւսիսը, ուր շատ հայեր կ’ապրէին, երեխաները անգլերէն կը խօսէին իրարու հետ:

Ամուսնուս հետ սկսանք մտածել, թէ ինչ կարելի է ընել: Որոշեցինք 1-2 տարիով երթալ այնտեղ, ուր հայերէն խօսելու կարելիութիւններ կ’ըլլայ. Կը մտածէինք Լիբանան, Մոնրէալ, Լոս Անճելես կամ Հայաստան ուղղութեամբ:

Նախ գացինք Լոս Անճելես, պտտեցանք եւ տեսանք, որ այնտեղ ալ երեխաները մեծամասամբ իրարու հետ անգլերէն կը խօսին: Մոնրէալի մէջ հայերէնը քիչ մը աւելի էր, բայց եղանակը քիչ մը պաղ էր ինծի համար: Իսկ Լիբանան վստահ չէինք, թէ խաղաղութիւնը որքան երկար պիտի տեւէ: Եւ… որոշեցինք գալ Հայաստան:

Եկանք Հայաստան այն համոզմամբ, որ կը մնանք երկու տարի եւ կը վերադառնանք: Երկու տարի ետք Անահիտը հայրիկին խնդրեց, որ մէկ տարի եւս մնանք: Մէկ տարի եւս մնացինք…, չորրորդ տարին ալ մնացինք եւ վերադարձանք Ամերիկա:

Անահիտին արձանագրեցինք համալսարան: Սեպտեմբերի սկիզբն էր, Անահիտն արդէն համալսարան պէտք է երթար, ու ան հայրիկին հրաւիրեց պաղպաղակ ուտելու: Երբ տուն եկան, ամուսինս ըսաւ, որ Անահիտը խնդրած է վերադառնալ Հայաստան, որ այնտեղ ուսումը շարունակէ: Եւ մենք ետ վերադարձանք:

Երբ համալսարանը աւարտեց, կը մտածէինք վերադառնալ, բայց Անահիտը ըսաւ, որ որոշած է այստեղ գործ գտնել:

– Փաստօրէն, Ձեզի Անահիտը  Հայաստան բերած է: Երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչը, սերունդ, որ այսօր Սփիւռքի մէջ ինքնութեան կորուստի վտանգի առաջ  կանգնած է:

– Այո´ (ժպտելով-հեղ.)… Այստեղ է, որ դուն քեզի հայ կը զգաս:

Շատ ցաւալի փաստ մը կ’ուզեմ արձանագրել: Սփիւռքի մէջ այսօր չորրորդ սերունդը կ’ապրի: Երկրորդ սերունդը արդէն կ’ըսէ` հայրս  հայ է: Երրորդ սերունդը` 1/8-րդս հայ է, իսկ չորրորդ սերունդը արդէն կը խորհի` կարծեմ հայ ալ կար իմ նախահայրերուս  մէջ:
Անահիտը Ամերիկա մեծցած է: Այնպէս չէ, որ չի սիրեր, հանգիստ չզգար, ընկերներ չունի այնտեղ: Պարզապէս Հայաստանի արժէքները աւելի կը տեսնէ:

Դէպք մը կ’ուզեմ յիշել: Անահիտը 5 տարեկան էր, եւ ես անոր ամէն շաբաթ մեքենայով հայկական դպրոց կը տանէի. ճանապարհը մէկ ժամ կը տեւէր: Մեքենայի ետեւի նստարանին նստած` յաճախ  բարձրաձայն կը մտածէր: Օր մը հարցուց`  մայրի´կ, ինչու՞ Հայաստանի մէջ քոյր-եղբայր իրար կը սիրեն, այստեղ` ոչ: Այդ տարիքին` նման հարց: Ըսի` ո՞վ կ’ըսէ, որ այստեղ չեն սիրեր, պատասխանեց` չէ´, այստեղ չեն սիրեր: Հետաքրքիր նկատողութիւն 4-5 տարեկան երեխայի կողմէ:

Անգամ մըն ալ ան ըսաւ` մա´մ, ինչու՞ մենք Հայաստանի մէջ աղքատ ենք, այստեղ` հարուստ: Ան ժողովուրդի մասին չէր խօսեր, պարզապէս կը բաղդատէր հայաստանեան մեր բնակարանի յարմարութիւնները Ամերիկայի հետ (մանաւանդ որ խօսքը 1995-97 թուականներու մասին էր): Հարցուցի` Անահի´տ, ու՞ր աւելի ուրախ ես, պատասխանեց` Հայաստանի մէջ, ըսի` ի՞նչն է կարեւորը` աղքատ ըլլալը՞, թէ՞ ուրախ, պատասխանեց` ուրախ ըլլալը:

Գիտէք, շատ կարեւոր է, որ ան դեռ մանուկ հասակէն Հայաստան եկած է, ծանօթ էր հայաստանեան պայմաններուն` լաւ թէ վատ: Անոր համար այդ ամէնը այնքան սովորական է, հարազատ:

Յաճախ կ’ըսեմ `երթանք, աւելի նոր շէնքի մէջ բնակարան գտնենք, կ’ըսէ` չէ´, ես իմ հարեւաններս, բակը չեմ ձգեր: Մարդկային պարզ շփումը, շատ այլ բաներ անոր համար կենցաղային յարմարութիւններէ աւելի կարեւոր են:

– Տիկի´ն Զապէլ, Հայաստանի մէջ ինչո՞վ սկսաք զբաղիլ:

– Քանի որ կը մտածէինք, որ մէկ-երկու տարի պիտի մնանք, իմ ընտրութիւնները միշտ կարճաժամկէտ կ’ըլլային: Եթէ իմանայի, որ այսքան երկար կը մնամ, այլ որոշումներ կ’ընդունէի: Հայաստան տեղափոխուելէ ետք իմ առաջին ամենակարեւոր քայլերէն մէկը այն էր, որ 4-5 հոգիով հիմնեցինք Գիւմրիի տեղեկատուական կեդրոնը: Երկու տարի ամէն օր Երեւանէն կ’երթայինք Գիւմրի եւ յետ վերադարձ: Բախտաւոր էի, որ մայրս այստեղ էր: Յետոյ աշխատեցայ ամերիկեան  քանի մը ընկերութիւններու մէջ, մի քանի ուրիշ փոքր գործեր ալ ըրի:

– Ինչպէ՞ս սկսաւ համագործակցութիւնը «Վիքիմեդիա Հայաստան»-ի  հետ:

– Տիկին Սուսաննա Մկրտչեանը («Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ-հեղ.) խնդրեց օգնել, ես ալ սիրով համաձայնեցայ: Ես, եւ ոչ միայն, պէտք է սկսէինք Վիքիպեդիայի արեւմտահայերէն բաժինի վրայ աշխատիլ: Հիմա կը փորձենք գտնել անձեր, որոնք ժամանակ, հետաքրքրութիւն եւ կարողութիւն ունին արեւմտահայերէնով նիւթեր մուտքագրելու:

Պէտք է նուազագոյնը 1200 յօդուած ունենալ, որ կարենաս լեզուն մտցնել Վիքիի մէջ` որպէս ընդունուած լեզու:

Մեր առաջնային նպատակը այդչափ յօդուած մուտքագրելն է, այնուհետեւ սկսիլ գործածել Վիքիի կարողութիւնը, որպէսզի արեւմտահայերէնը աւելի հասանելի ըլլայ:

Շատ գործ կայ ընելու: Պէտք է քաջալերենք, որ ուրիշներն ալ աշխատին: Որովհետեւ Վիքիի գաղափարը այն է, որ անհատները պէտք է իրենց կարելին ընեն` տեղեկութիւնը փոխանցելու ուրիշներուն:

– Օժանդակութիւնը, աջակցութիւնը կամաւո՞ր է:

– Վիքիի մէջ ամէն ինչ կամաւոր է: Վիքիի գաղափարն այն է, որ ով ինչ կ’ընէ, պէտք է կամաւոր ընէ:

– Վիքիպեդիայի մէջ իւրաքանչիւր մարդ կրնայ տեղեկութիւն տեղադրել, ուղղումներ ընել: Հետեւաբար` որքանո՞վ կարելի է հաւաստի համարել Վիքիմեդիայի մէջ տեղադրուած նիւթերը:

– Ատիկա Վիքիի փիլիսոփայութիւնն է. դուն կրնաս յօդուած տեղադրել, բայց իւրաքանչիւր մարդ ունի շտկելու հնարաւորութիւն:

Դէպք մը կ’ուզեմ պատմել: Հայաստանը սովետական օրէնքի վրայ հիմնուած  օրէնք մը ունէր, որ կառոյցի նկարը կը պատկանի ճարտարապետին` անոր մահէն ետք  դեռ որոշակի ժամանակ: Թուրքերը օգտուելով այդ օրէնքէն` Հայաստանի բոլոր նկարները Վիքիէն ջնջած էին` պատճառաբանելով, թէ ՀՀ օրէնքին դէմ է:

Սուսաննա Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ այդ օրէնքը փոխուեցաւ, եւ անմիջապէս վերականգնուեցան մեր նկարները: Անկէ ետք Ռուսաստան իր օրէնքը փոխեց: Այսինքն` նախկին Սովետական Միութեան երկիրներէն Հայաստանը եղաւ առաջինը, որ տուեալ օրէնքը փոխեց:

Կ’ուզեմ ըսել, որ Վիքիպեդիայի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ մեծ է: Եթէ դուն անհեթեթ բան գրես, մարդիկ կ’արձագանքեն, կ’ուղղեն:

– Տիկի´ն Զապէլ, Արեւմտահայերէն բաժինը գործածելու համար որեւէ բնագաւառի յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի՞:

– Ո´չ, կարեւոր չէ. որքան տարբեր ըլլան բնագաւառները, այնքան աւելի լաւ: Պարզապէս կ’ուզենք քաջալերել, որ մարդիկ արտայայտուին, մասնակցին, իրենց գիտելիքները բաժնեն, որ արեւմտահայերէն բաժինի յօդուածները համալրուին: Իւրաքանչիւր մարդ, Սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւն եթէ իր պատմութիւնը մուտքագրէ, արեւմտահայ, սփիւռքահայ գրողներու մասին նիւթեր տեղադրէ, բաժինը կ’ամբողջանայ:

Վիքիպեդիան արեւմտահայերէնի պահպանման մէջ մեծ դեր կրնայ ունենալ: Այդ պատճառով ալ կ’ըսեմ, որ բնագաւառը կարեւոր չէ: Եթէ մէկը կարենայ արեւմտահայերէնով որեւէ բան բացատրել, լեզուն արդէն հասանելի կ’ըլլայ անոր, որ հետաքրքրուած է այդ նիւթով:

Նոր կը սկսինք, եւ մեզի համար ցանկացած աջակցութիւն, օգնութիւն շատ կարեւոր է:  Չեմ կրնար ըսել, որ շատ արագ կ’ըլլայ, բայց վստահ եմ, որ կ’ըլլայ` հաշուի առնելով նաեւ տիկին Սուսաննայի նուիրումը:

Համեստութիւն չէ, որ կ’ըսեմ, բայց սա իմ գործը չէ, տիկին Սուսաննայի ու արեւմտահայերու գործն է:

Ոեւէ մէկը, որ հետաքրքրուած է, կրնայ մտնել մեր ֆէյսպուքեան էջը (https://www.facebook.com/WikimediaArmenia/info) եւ կապուիլ մեզի հետ: Մենք անոնց հետ կը կապուինք եւ կ’անցնինք արդիւնաւէտ աշխատանքի:

Ցանկացողները կրնան նաեւ գալ գրասենեակ (ք. Երեւան, Այգեստան 1/30, Սայաթ Նովա-Ալէք Մանուկեան փողոցներու խաչմերուկ), եւ այնտեղ աշխատիլ, ուր միշտ հաճելի մթնոլոտ կը տիրէ:

Արեւմտահայերէն բաժինը կարծես մեր «ճիտին պարտքը» ըլլայ: Պէտք է այնպէս ընենք, որ լեզուն չկորսնցնենք: Գեղեցիկ լեզու է եւ, ի վերջոյ, մեր ժառանգութիւնն է:

– Շնորհակալութիւն Ձեզի, տիկի´ն Սուսաննա: Յոյսով եմ, որ շատ շուտով կը հանդիպինք եւ կը խօսինք արդէն Արեւմտահայերէն բաժինի գրանցած ձեռքբերումներուն մասին:

Յ.Գ. Ինչպէս նշեց Զապէլ Վասիլեան, «Արեւմտահայերէն բաժինը կարծես մեր «ճիտին պարտքը» ըլլայ: Խօսքս կ’ուզեմ ուղղել բոլոր այն մարդոց, սփիւռքեան կառոյցներուն, որոնց նոյնպէս կը մտահոգէ արեւմտահայերէնի ճակատագիրը: Իւրաքանչիւրդ, թէկուզ մէկ յօդուածով, կրնաք հարստացնել Վիքիպեդիայի արեւմտահայերէն բաժինը, այդ քայլով ոչ միայն «ճիտին պարտքը» կատարել, այլեւ խթանել արեւմտահայ  լեզուի տարածումը:

Զրուցեց  Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up