ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ռուսաստանի Հայկական ԶԼՄ-ներու Խմբագիրները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/522_b.jpg)
Յուլիս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ռուս-հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի պատասխանատու քարտուղար, russia-armenia.info կայքի գլխաւոր խմբագիր Արամ Խաչատրեանը եւ «Մարս Մեդիա»-ի գլխաւոր արտադրող օգնական, haynews.com կայքի խմբագիր Տիգրան Մանասեանը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները եւ յորդորեց աւելի աշխուժօրէն մասնակցելու Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, օգտագործելով էլեկտրոնային մամուլի բոլոր հնարաւորութիւնները եւ յենուելով սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու վրայ` նպաստել հայապահպանութեան խնդիրներու իրագործման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ռուսաստանի հայերու խնդիրները եւ յետագայ համատեղ ծրագիրները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ համագործակցելու նախարարութեան էլեկտրոնային կայքի, նախարարութեան ծրագիրներու լուսաբանման եւ այլ ուղղութիւններով:
Ա. Խաչատրեան յոյս յայտնեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան սերտացումը ալ աւելի կը նպաստէ համահայկական ծրագիրներու իրականացման: