ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Պարգեւատրեց Արա Արծրունին

Յուլիս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան լիբանանահայ գրող Արա Արծրունին պարգեւատրեց «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով:

Լիբանանահայ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունին ծնած է 1932 թուականին Պէյրութ: Հեղինակ է ազգային եւ հրապարակախօսական բազմաթիւ յօդուածներու: Աշխատակցած է լիբանանահայ մամուլին («Բագին», «Կամար», «Սփիւռք», «Արծիւ» եւ «Ազդակ»): Հեղինակած է շարք մը թատերգութիւններ, որոնց մէկ մասը բեմադրուած է, իսկ միւսը` հրատարակուած:

Մինչեւ հիմա հրատարակուած են հեղինակի 9 թատերգութիւնները (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն): Հեղինակ է նաեւ շարք մը վէպերու եւ վիպակներու` «Ծովինար», «Սպիներ», «Հերցոֆ» «Վիրաւոր ծիծեռնակը», «Եղեռնի հետքերով»: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ Լեւոն Մութաֆեան 2010 թուականին հեղինակած է «Արա Արծրունու թատերգութիւնը» մենագրութիւնը (247 էջ) :

Բարձր գնահատելով Արա Արծրունիի հրապարախօսական, գրական գործունէութիւնը հայապահպանութեան, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանութեան եւ զարգացման հարցերուն` նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ինձ համար ամենակարեւորն այն է, որ Արա Արծրունին ստեղծագործում է հայերէն, քանի որ հայապահպանութեան գլխաւոր նախապայմանը հայերէն խօսելն ու ստեղծագործելն է` յատկապէս համաշխարհայնացման դարում»:

Անդրադառնալով Արա Արծրունիի գրական ժառանգութեան` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց, որ թատերգութեան ժանրը գրական համեմատաբար դժուար տեսակ է, եւ Արա Արծրունին ժամանակակից լիբանանահայ դրամատուրգի կենդանի դասականն է: Մասնաւորապէս մեծարժէք են անոր «Մժեղը», «Լռութեան սինֆոնիա», Զանգը» գրութիւնները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւի համար` Արա Արծրունին նշեց. «Սփիւռքի նախարաարութիւնը իսկապէս կապ դարձաւ Հայրենքի եւ Սփիւռքի միջեւ: Սփիւռքը, որ իսկապէս կարիք ունէր Հայաստանի հետ տարածական եւ ամբողջական կապի` Սփիւռքի նախարարութիւնը դարձաւ այն ամուր աջակիցը, որ Սփիւռքը կը վայելէ իր բոլոր թեւերով»:

Scroll Up