«Արի Տուն»-2014. «Արի Տուն»-ը Իրենց Աչքերով…

Կը շարունակենք մեր ընթերցողներուն ներկայացնել Հայաստան ժամանած սփիւռքի երիտասարդներու տպաւորութիւնները «Արի տուն» ծրագիրին մասին: Այս անգամ կ’անդրադառնանք ԱՄՆ-ի Օհայօ նահանգէն եկած Արմէն Թովմասեանին, Թիֆլիսի մասնակիցներէն Ջուլիետա Յարութիւնեանին եւ Պետրոս Սաֆարեանին:
Արմէնին «Արի Տուն» բերած է հայրիկին կանչը.
«Հայրս աշխատանքի բերումով Հայաստան կը գտնուի, շրջապատէն լսած է ծրագիրին մասին, զանգահարեց ինծի, տեղեակ պահեց, ես ալ ընդհանրապէս չէի եկած Հայաստան, մտածեցի` ճիշդ ժամանակն է երթալ տեսնելու հայրենիքս, շատ կ’ուզէի ծանօթանալ հայրենակիցներուս հետ, կատարելագործել հայերէնս,-ըսաւ Արմէնը:- Գալով Հայաստան` հասկցայ, որ գեղեցիկ երկիր ունիմ, բնութիւնը շատ սիրեցի, լեռները, յատկապէս լեռներու մաքուր օդը եւ սառնորակ ջուրերը»:
Այցելած բոլոր վայրերն ալ հաւնած է Արմէնը եւ յիշած է, թէ ինչպէս ծնողները իրեն պատմած են այդ բոլոր պատմամշակութային վայրերուն մասին: Միայն քիչ մը դժգոհ է այստեղի երթեւեկութենէն, անկանոն կը վարեն վարորդները, ինչ որ չես տեսներ ԱՄՆ-ի փողոցներուն մէջ:
Հայերու հիւրընկալ ըլլալու մասին հետեւեալը կը պատմէ. «Երբ հիւր կ’երթանք, հնարաւոր չէ, որ մեզի համար սեղան չբանան` հայկական տարբեր ուտեստներով, որոնցմէ առաւել շատ սիրած եմ քապապը (հիացական բացականչութիւններ ընելով-հեղ. ), բանջարեղէններէն սիրեցի լօլիկն ու վարունգը, քանի որ երբ կը կտրատես, հոտը քիթիդ կը հասնի, իսկ այնտեղ այսպէս բան չկայ. ամէն ինչ քիմիայէն է: Վերադառնալով ԱՄՆ` Արմէնը պիտի շարունակէ ուսումը, որոշած է հմտանալ ծրագրաւորողի մասնագիտութեան մէջ, կ’ըսէ` գուցէ այնպէս ստացուի, որ տեղափոխուի` Հայաստան ուսումը շարունակելու, իսկ եթէ ոչ, իր ուժերու չափով լաւ մասնագէտ դառնալու պարագային ամէն ինչ պիտի ընէ Հայաստանին օգնելու համար:
Թիֆլիսաբնակ Ջուլիետայի համար նոյնպէս օրերը ուրախ եւ հետաքրքիր կ’ացնին հայրենիքին մէջ: Յատկապէս կարեւոր կը համարէ այն հանգամանքը, որ նոր ընկերներ ձեռք բերած է տարբեր երկիրներէ, որոնց հետ հաճոյքով կը շփուի: Ընկերներով արդէն պայմանաւորուած են` յառաջիկայ կիրակի օրը շրջին Երեւանով եւ լաւ ժամանակ անցնեն: Ջուլիետան հիւրընկալող ընտանիքին մասին իւրայատուկ սիրով կը խօսի, աղջկայ հաւաստմամբ` իրեն ջերմ վերաբերմունքի արժանացուցած են, տան հասակակիցին հետ մերուած է արդէն, միասին տարբեր խաղեր կը խաղան: Հայկական խորովածը շատ կը սիրէ, որն արդէն հիւրասիրած են իրեն հիւրընկալող ընտանիքը:
Իսկ Պետրոսը շատոնց իրազեկուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Արի տուն» ծրագիրի մասին, սակայն չէր յարմարիր մասնակցութիւնը նախորդ տարիներուն: Ընկերները պատմած են, թէ ինչ լաւ ուսուցողական ծրագիր է, որքան յագեցած ու հետաքրքրիր կ’անցնին օրերը: Այս տարի ալ որոշած է մասնակցելու եւ անձամբ զգալու ընկերներու պատմածը:
Չնայած ամէն տարի ամրան Պետրոսը Հայաստան կու գայ` հանգիստի, շրջագայութեան նպատակով, սակայն վայրեր կային, որ չէր այցելած, տպաւորուած է Էջմիածինով եւ Մատենադարանով:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան