Մեկնարկած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հայկական մշակութային շաբաթը Հռոմի մէջ
Մարտ 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս Հռոմի մէջ մեկնարկեց «Հայաստան. ինքնութիւն եւ յիշողութիւն» խորագիրով հայկական մշակութային շաբաթը: Այն կազմակերպուած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ` Ընկերաբանութեան եւ կրօնի իտալական միութեան եւ Տեսաձայնային կեդրոնական հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Հայկական շաբթուան առաջին օրուան նիստին մէջ ելոյթներով հանդէս եկան Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, Տեսաձայնային կեդրոնական հիմնարկի տնօրէն Մասսիմօ Փիստակին, Ընկերաբանութեան իտալական միութեան ներկայացուցիչ Մարիա Իմմակոլատա Մաչիոտին, ծերակուտական, Իտալիոյ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Փաոլօ Կորսինը, Իտալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, ծերակուտական Էմիլիա Տէ Պիազին եւ խումբի հիմնադիր, ծերակուտական Ալպերթինա Սօլիանը:
Երկրորդ նիստը նուիրուած էր հայ ժողովուրդի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ձգած ազդեցութեան խնդիրներուն: Ելոյթ ունեցան հոգեվերլուծաբաններ Մանուէլա Ֆրայրէն եւ Ճիովաննա Մարիա Մացոնչինը:
Մարտ 23-ի երեկոյեան «Տրեւի» թատրոնին մէջ ցուցադրուեցան Տոնինօ Կուերայի մասին պատմող «Հրաշագործի աշունը» եւ Սերկէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ֆիլմերը: Նախքան ցուցադրութիւնը, հակիրճ ելոյթով «Նռան գոյնը» ֆիլմը ներկայացուց ֆիլմերու քննադատ Ալբերթօ Քրեսպին:
Մարտ 23-էն 28 տեւող հայկական շաբթուան ընթացքին նախատեսուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ու քաղաքակրթութեան, մշակոյթին, Հայոց ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութեան, Իտալիոյ մէջ հայերու ներկայութեան, Հայաստանի ներկայիս աշխարհաքաղաքական իրավիճակին նուիրուած համաժողովներ ու գիտաժողովներ:
Զուգահեռաբար պիտի իրականացուին Հայաստանին նուիրուած «Կրօններ եւ հասարակութիւն» ամսագիրի յատուկ համարի, Վազգէն Պերպերեանի «Անտարբեր երկնքի տակ», Մարիա Իմմակոլատա Մաչիոտիի «Հայաստան, հայեր. 100 տարի անց», Ֆուլուիօ Կորտեզէի եւ Ֆրանչեսկօ Պերտիի «Փրօ-Արմէնիա. հրէական
ձայները Հայոց ցեղասպանութեան մասին», Յակոբ Մանուկեանի «Հայերը Իտալիոյ մէջ», Սոնեայ Օրֆալեանի «Ձիով քամիներու մէջ. Հայաստանի հեքիաթները» գիրքերու շնորհանդէսները:
Համաժողովներն ու գիտաժողովները, ինչպէս նաեւ գիրքերու շնորհանդէսները տեղի պիտի ունենան Հռոմի հեղինակաւոր «Վիտտորիանօ» թանգարանային համալիրին մէջ, «Mattei Di Gioveէ պալատին եւ Տեսաձայնային կեդրոնական հիմնարկի սրահին մէջ:
Երեկոյեան ժամերուն Հռոմի կեդրոնական «Տրեւի» թատրոնին մէջ պիտի ցուցադրուին Սերգէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը», Ֆաթիհ Աքինի «Սպի», Տաւիանիներու «Արտոյտներու ագարակը», Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմերը եւ Տոնինօ Կուերային նուիրուած «Հրաշագործի աշունը» վաւերագրական ֆիլմը: