«Արի Տուն-2014». Արթուր Մինասեան. «Ուրախութիւնս Շատ Մեծ Է, Որ Վերջապէս Ոտք Դրի Հայրենի Հողիս Վրայ»

«Արի տուն»-2014 ծրագիրի առաջին փուլի 15-ամեայ մասնակից Արթուր Մինասեան Ապխազիոյ Սուխում քաղաքէն է: Առաջին անգամ կու գայ Հայաստան, հիացած է մարդոց ջերմ վերաբերմունքին, իսկ հայկական ուտելիքներու մասին առանձնայատուկ ոգեւորութեամբ կը խօսի:
Արթուրը ծրագիրին մասին լսած է հայ գրականութեան իր ուսուցչուհիէն` Ջիուլետա Աւետեանէն, ով յորդորած է տղուն մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին: Ան միանգամայն համաձայնած է ուսուցիչի առաջարկին, քանի որ շատ լաւ առիթ էր իր հայրենիքը տեսնելու համար: «Միշտ փափաքած եմ գալ Հայաստան, ամէն անգամ չէր յաջողիր, սակայն պէտք է ըսեմ, որ անընդհատ հոգիով ու սրտով Հայաստանի հետ եղած եմ, իսկ հիմա ուրախութիւնս անչափ է, որ վերջապէս ոտք դրի հայրենի հողիս վրայ»- ըսաւ Արթուրը:
Պարզեցինք` Արթուրին համար երազանք եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելը. «Ոգեւորութիւնս եւ յուզմունքս ուղղակի չեմ կրնար թաքցնել, որ այցելեցի Էջմիածին, միշտ համացանցով նայած եմ Մայր Աթոռը, իսկ հիմա այնտեղ մոմեր վառեցի իմ եւ ընտանիքիս անդամներուն համար, իսկ որպէս յուշանուէր` արծաթեայ խաչեր գնած եմ»- հպարտօրէն պատմեց երիտասարդը:
Ան շատ հաւնած է նաեւ Երեւանը, որու փողոցներով ամէն երեկոյ կը շրջի, ինչպէս նաեւ այն բոլոր վայրերը, ուր կրցած է այցելել ծրագիրի ծիրէն ներս:
Արթուր Մինասեան հիացած է մարդոց այսքան ջերմ վերաբերմունքէն, հիւրընկալութենէն եւ հիւրասիրութենէն. «Հիւրընկալող ընտանիքը, ուր որ այժմ կը բնակիմ, Պռոշեանէն Սեւակ Գաբրիէլեանի ընտանիքն է, չափազանց բարի են իմ նկատմամբ, ամէն ինչ կ’ընեն, որ լաւ զգամ, ամէն երեկոյ կը տանին Երեւանով շրջելու, իրենց հարազատ որդիի նման են կ’ընդունեն զիս, հայկական տարբեր ուտելիքներ կը հիւրասիրեն, որոնք շատ համեղ են` իշխան ձուկ, ոչխարի միս, լաւաշ, ընկուզենի անուշ, իսկ տան տատիկին հետ իրենց բակէն խաղողի տերեւ հաւաքած ենք եւ միասին տոլմա պատրաստած. փաստօրէն Հայաստանի մէջ տոլմա պատրաստել ալ սորվեցայ»-ժպիտով պատմեց Արթուրը:
Մասնակից միւս երեխաներուն մասին կ’ըսէ, որ հասցուցի արդէն մտերմանալու եւ լաւ ընկերներ դառնալու, բոլորը ջերմ յարաբերութիւններու մէջ են եւ իրարու կը վերեբերին քոյր ու եղբօր պէս:
Վերջաւորութեան խորին շնորհակալութիւն յայտնելով «Արի տուն» ծրագիրի բոլոր կազմակերպիչներուն` տղան հետեւեալն ըսաւ. «Շատ սիրեցի Հայաստան աշխարհս, կ’ուզեմ ընտանիքով գալ եւ այստեղ ապրիլ»:
Գէորգ Չիչեան