Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. «Քեսապը Մեր Սիրտերուն Մէջ» Ցուցահանդէսի Բացում

Հայկազեան համալսարանի Արուեստից կեդրոնին կազմակերպած «Քեսապը մեր սիրտերուն մէջ» խորագիրը կրող հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 18 յունիս 2014-ի, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» պատկերասրահին մէջ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան, որ հրաւիրեց Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը` ցուցահանդէսին բացման առիթով իր խօսքը արտասանելու: Վեր. Հայտոսթեան նախ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս Սուրիոյ պատերազմի ծանր հարուածները հասան նաեւ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող Քեսապ հայաւանը, որուն բնակիչները 21 մարտին տեղահան եղան իրենց տուներէն: Ան հակիրճ կէտերով անդրադարձաւ Քեսապի ծագման, եւ ըսաւ, որ ան յետեղեռնեան տարիներուն կազմուած շրջան չէ,  հետեւաբար Քեսապ հայրենի եզերք է, հայրենի հող: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին մտայղացումը, ապա ծրագրումն ու կազմակերպումը: Յիշեց նաեւ նպատակը, որ միտում ունի օժանդակել Քեսապին ու քեսապահայութեան: Հետեւաբար վաճառքի դրուած գեղանկարներուն հասոյթին մէկ երրորդը պիտի յատկացուի Հայկազեան համալսարանի քեսապցի նորագիր ուսանողներուն, իսկ մնացեալը` Քեսապի վերականգնման:

Ան իր խօսքի աւարտին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր հայ եւ օտար արուեստագէտներուն, որոնք սիրայօժար տրամադրեցին իրենց պաստառները մարդկային այս ազնիւ գործին համար: Վեր. Հայտոսթեան հրաւիրեց ներկաները վայելելու ցուցադրուած արուեստի գործերը եւ աղօթելու խաղաղութեան հաստատման համար:

41 գեղանկարիչներու ներկայացուցած աւելի քան 51 պաստառները ստեղծեցին եթերային, նուրբ եւ ներդաշնակ երանգներով արուեստի գեղեցիկ աշխարհ մը, ուր ներկաները հիացած կարեւորութեամբ շեշտեցին արուեստի միջոցով մարդկային օգնութիւն կատարելու ազնիւ արարքը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 21 յունիս 2014, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

«Ազդակ»

Scroll Up