Քեսապահայերը Կը Վերադառնան Իրենց Բնօրրանը

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 16 յունիս 2014-ին Լաթաքիոյ նահանգապետ Ահմետ Շէյխ Ապտուլղատեր Քեսապ այցելեց` քաղաքի իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու համար: Նահանգապետը հանդիպում ունեցաւ բնակիչներուն հետ եւ անոնց մխիթարեց: Միւս կողմէ, սակայն, ցուցմունքներ տուաւ պետական ենթակառոյցներու վերականգնման խմբակներուն:

Մինչ այդ հարիւրաւոր քեսապցիներ արդէն կը վերադառնան իրենց կողոպտուած, հրոյ ճարակ դարձած եւ կիսաքանդ բնօրրանը:

Բանակը արդէն կ՛իրականացնէ ականազերծման աշխատանքներ, կը պայթեցնէ բոլոր վտանգաւոր զինամթերքները: Բանակին կողքին Քեսապ մուտք գործած են նաեւ ենթակառոյցներու վերականգնման խմբակները` վերանորոգելու համար ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերն ու խողովակները` առ ի նախապատրաստութիւն քեսապցիներու տունդարձին:

Ծայրայեղականները Քեսապէն հեռանալու միջոցին հրկիզած են եկեղեցիները, դպրոցները եւ խանութները: Քեսապի կեդրոնը գտնուող Հայ աւետարանական համայնքին պատկանող մշակոյթի տունը մեծ վնասներ կրելէ ետք փուլ եկած է: Անոր տակ  զոհուած է զինուոր մը: Աւելցնենք, որ ահաբեկչական խմբակները իրենց հեռանալէն առաջ ամբողջութեամբ կողոպտած էին մեքենական արժէքաւոր սարքերը, մանաւանդ գիւղատնտեսական սարքերը:

Միւս կողմէ, սուրիական  բանակը իր դիրքերը ամրապնդեց Քեսապի մօտակայ  ռազմավարական բարձունքներուն վրայ:

«Ազդակ»

1512793_326857380799607_6572999219344305855_n 1604726_326857317466280_4984807718042441684_n 10358883_326857944132884_3619846009183031024_n 10426741_326857237466288_904268546656821508_n

Scroll Up