Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Էլեկտրոնային Գրադարանի Նոր Կայքի Շնորհանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/IMG_4117.jpg)
Տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան էլեկտրոնային գրադարանի նոր կայքի շնորհանդէսը:
Կայքի սպասարկող-գործարկու Միքայէլ Եալանուզեան ներկայացուց գրադարանի նոր կայքը, համեմատեց նախորդ կայքին հետ, թուարկեց առաւելութիւնները: Ան նշեց, որ փոփոխութիւններէն ետք այն ունի առանձին համացանցային տիրոյթ (http://libmindiaspora.am/), դարձած է առաւել արագ եւ հասանելի, բարձրացած է նիւթերու տեղադրման արդիւնաւէտութիւնն ու արագութիւնը: Նոր կայք տեղափոխուած են նախորդի նիւթերը, լրամշակուած է կառուցուածքն ու բովանդակութիւնը, փոխուած են խորագիրները: Իւրաքանչիւր ամիս պիտի լուսապատճէնուի, թուայնացուի եւ տեղադրուի 3500-4000 էջ նիւթ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց իր դիտարկումները, կարեւոր համարեց առաւել մեծ ծաւալով արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւններու ընգրկուածութիւնը կայքին մէջ: Տիկին Յակոբեան յանձնարարեց կայքը համալրել մանկական գրականութեամբ, դասագիրքերով, արդիական ուսումնամեթոտական նիւթերով, խաղերով եւ տեսանիւթերով, սերտօրէն համագործակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող գրադարաններու եւ հրատարակչութիւններու հետ, տեղադրել անոնց կայքերու յղումները:
Քննարկուեցաւ համապատասխան վարչութիւններու եւ կայքի պատասխանատուներու ուժերով համազգային հիմնախնդիրներուն առնչուող գիտական յօդուածներու բաժին ստեղծելու հարցը: Յանձնարարուեցաւ պարբերաբար մշտադիտարկել նախարարութեան բոլոր կայքերը, իւրաքանչիւր շաբաթ հրաւիրել աշխատանքային խումբի նիստ եւ անընդհատ կատարելագործել նախարարութեան տեղեկատուական հնարաւորութիւնները:
Ներկայացուեցաւ նաեւ «Հայկական սփիւռքի պատմութեան վիրտուալ թանգարան» http://armdiasporamuseum.com կայքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները: