Եւրոպան Երես Կը Դարձնէ Ատրպէյճանին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/download9.jpg)
Եւրոխորհուրդի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը օրաւուր կը մեծնայ: Ատիկա նոր աստիճանի մը հասաւ այն բանէն ետք, երբ Եւրոխորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Ատրպէյճանին անցաւ նախագահութիւնը: Այս մասին ինչպէս կը գրէ ֆրանսական Derniռres Nouvelles d’Alsace պարբերականը, Սթրասպուրկի մէջ հանուեցան այն բոլոր պաստառները, որոնք կը տեղեկացնէին Ատրպէյճանի նախագահութեան մասին: Էլեկտրոնային պարբերականին տեղ գտած հրապարակման մէջ կը նշուի, որ Սթրասպուրկի մէջ ընդունուած կարգը մեծարել այն երկիրը, որ Նախարարներու կոմիտէին մէջ կը ստանձնէ նախագահութիւնը: 2009 թուականէն սկսեալ` քաղաքին մէջ կը կազմակերպուին յատուկ ձեռնարկներ, որոնք կը նուիրուին կազմակերպութեան անդամ այս կամ այն պետութեան: Այսպէս` որպէս ձեռնարկներու սկիզբ, քաղաքապետարանին դիմաց կը բարձրացուին տուեալ երկրի դրօշները: Ապա հանրակառքերը կը ներկուին տուեալ երկրի դրօշի գոյներով:
Ատրպէյճանի նախագահութեան առաջին շրջանին ամէն ինչ կ’ընթանար ընդունուած կարգին համապատասխան, մայիսի սկիզբին բարձրացուած էին դրօշները: Սակայն քանի մը օր անց Պաքուի մասնակցութեամբ միջադէպ տեղի ունեցաւ: Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ մուտքի վիզա տրամադրել Ֆրանսայի սոցիալիստական կուսակցութեան անդամ Ռընէ Ռուկէին, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական ժողովին կը հանդիսանայ ԵԽԽՎ փոխնախագահ: Ռընէ Ռուկէն պիտի մասնակցէր ատրպէյճանական մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք խորհրդակցութեան: Պաշտօնական Պաքուն իր մերժումը պատճառաբանեց այն հանգամանքով, որ Ռուկէն անցեալին այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ:
ԵԽԽՎ-ն որոշած է կիրառել որոշ պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի նկատմամբ եւ յառաջիկայ երկու տարուան համար նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները, որոնց իրականացումը ծրագրուած էր Պաքուի մէջ, համարել անվաւեր:
Այս պատժամիջոցը պատահական չէ: Ատրպէյճանի մէջ տարիներ շարունակ կը ոտնահարուին մարդու իրաւունքները, կը դատապարտուին ազատամիտ լրագրողները, երկրին մէջ կ’իշխէ բռնութիւնը, սակայն նոյն ԵԽ-ն ոչ միշտ ուշադրութիւն դարձուցած է այն հանգամանքին, որ իր անդամ երկրին մէջ չեն գործեր ժողովրդավարական կառոյցները, կ’արհամարհուի ժողովրդավարութիւնը: Այդուհանդերձ, յատկապէս Ռընէ Ռուկէին առնչուող միջադէպը խիստ զայրացուցած է ինչպէս Սթրասպուրկի քաղաքապետարանին, այնպէս ալ ԵԽ-ին, քանի որ Ատրպէյճանի մէջ այս անգամ խոչընդոտած են ԵԽ աշխատանքները, անոր ներկայացուցիչին զրկած պաշտօնական լիազօրութիւնները իրականացնելէ:
Անտարակոյս, կատարուածը բնաւ ալ չի նշանակեր, թէ եւրոպական կառոյցները վերջապէս ուշքի կու գան եւ համակողմանի գնահատական կու տան Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակին, ոչ միայն մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն, այլեւ հայատեացութիւնը պետական քաղաքականութիւն հռչակելու հայեցակարգին: Եւրոպան միշտ ալ մատներու արանքով նայած է այն ամէնուն, որ կը կատարուի միջնադարեան բռնապետութիւն յիշեցնող երկրին մէջ` հրապուրուած ըլլալով այն կաշառքներով, որոնք ժամանակ առ ժամանակ բաժին կը հասնին որոշ եւրոպական աստիճանաւորներու: Սակայն այս միջադէպը կը դառնայ նախանշան, որպէսզի վերջապէս շատերը մտահոգուին Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակով, յատկապէս քննարկման նիւթ դարձնեն այն, որ Ատրպէյճանը միակ երկիրն է, որ կ’արգիլէ տարբեր մարդոց այցելել չճանչցուած պետութեան տարածք: Հէնց ասիկա պէտք է դառնայ բուռն քննարկման առարկայ, Ատրպէյճանի կողմէ ,,սեւ ցուցակին,, յայտնուած պաշտօնեաները, պատգամաւորներն ու մշակոյթի գործիչները պիտի պահանջեն պաշտօնական Պաքուէն վերջ տալ մարդու իրաւունքներու այսօրինակ ոտնահարումներուն:
Լեւոն Մութաֆեան