«Հայերն Այսօր» պարբերաթերթի խմբագիրը «Մարմարա»-ի խմբագրատան մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/unnamed-39.jpg)
Մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի խմբավարութեան ներքեւ երէկ գիշեր սարքուած համերգին համար Հինգշաբթի առտուան դէմ քաղաքս ժամանած էին երգչախումբի աւելի քան վաթսուն անդամները, առաջնորդութեամբ Յովհաննէս Չէքիճեանի: Այս ներկայութիւնը առիթ դարձաւ, որ երէկ հիւրեր ընդունինք Խմբագրատան մէջ:
Երէկ մեր հիւրն էր Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան «Հայերն Այսօր» համացանցային պարբերաթերթի պատասխանատու խմբագիր եւ Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեան ներքեւ Ակադեմական Երգչախումբի անդամ՝ Հայկ Կարապետեանը: Ան Խմբագրատուն եկած էր ընկերակցութեամբ երգչախումբի անդամներէն Հենրի Յովհաննիսեանի, որ 1970-ական թուականներէն ի վեր կանդամակցի երգչախումբին:
Արուեստի սիրահար մարդոց հետ ամէն զրոյց շատ հաճելի է մեզի համար: Մեր հիւրերուն բուռն փափաքը եղած էր համերգի առիթով Պոլիս իրենց կարճատեւ այցելութեան ընթացքին անպայման այցելել մեր խմբագրատունը, վերաթարմացնել մեր խմբագրապետին եւ խմբագրական կազմին հետ իրենց ծանօթութիւնները եւ վերանորոգել իրենց փոխյարաբերութիւնները:
Նախ անոնք մեզի տեղեկութիւններ տուին այն համերգի մասին, որ պիտի սարքուէր գիշերը: Համերգը պիտի կրկնուի այս գիշեր ալ:
Աւելի երկարատեւ զրոյց ունեցանք Հայկ Կարապետեանի հետ, որ կը փափաքէր «Հայերն Այսօր» կայքէջի համար ընդարձակ հարցազրոյց մը արձանագրել մեր խմբագրապետ՝ Ռ. Հատտէճեանի հետ: Ան ունէր հետաքրքրական ու համապարփակ հարցումներ, Մարմարայի առաջին օրերէն մինչեւ այսօրուան հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ մեր Խմբագրապետին մամուլէ ու գրականութենէ ներս արձանագրած իրագործումներուն, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, Իսթանպուլահայ գրականութեան այսօրուան վիճակին, նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան գործունէութեան շուրջ իր արժեւորումներուն մասին:
Մեզի համար հաճելի էր անդրադառնալ, որ մեր մշակութային ու եկեղեցական անցեալին քաջածանօթ մեր հիւրը մասնաւոր հիացում ունէր երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքին հանդէպ, որուն գործերուն մասին հաղորդումներ ըրած էր տարիներ առաջ, երբ կը գործէր որպէս Երեւանի ռատիօկայանի հաղորդավար:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ հաստատուած «Հայերն Այսօր» ելեկտրոնիկ պարբերաթերթը անկասկած շատ օգտակար գործ կը տեսնէ Սփիւռքը Սփիւռքի Նախարարութեան հետ կամրջելու գործին մէջ, որու համար շնորհաւորելի է Հայկ Կարապետեանի արդիւնաւէտ աշխատանքը:
«Մարմարա» օրաթերթ
7-ը Յունիս, 2014թ.