«TUMO»-ի Նոր Նախաձեռնութիւնը
ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանութիւն դիմած է Երեւանի մէջ գործող «Թումօ» («TUMO» ) ստեղծարար տեխնոլոկիաներու ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան` Ռուսաստանի հայազգի պատանիներուն ծրագիրի մասին իրազեկելու խնդրանքով: «TUMO» կեդրոնը Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութիւնն է, որն անվճար սկզբունքով կը տրամադրէ ուսումնառութիւն Հայաստանի 12-18 տարեկան պատանիներու համար:
2011թ սեպտեմբերէն` «TUMO»-ի բացումէն ի վեր, այս կեդրոնի ուսումնական ծրագիրին մասնակցած են հազարաւոր պատանիներ: Այսօր «TUMO»-ն ունի աւելի քան 5000 ուսանող: Արդէն երկրորդ տարին է` «TUMO»-ն կը կազմակերպէ Ամառնային ճամբար` հնարաւորութիւն ընձեռելով աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ գտնուող պատանիներուն ստանալու տեխնոլոկիական գործնական գիտելիքներ` անիմացիայի, կայքերու մշակման, խաղերու եւ շարժանկարներու ստեղծման ոլորտներուն մէջ:
Անցած շաբթուան ընթացքին Ռուսաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի եւ փոխտնօրէն Արամ Գիւմիշեանի այցը Մոսկուա: Հանդիպումներ տեղի ունեցան դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմին հետ: Նաեւ հիւրերու խնդրանքով կազմակերպուեցան հանդիպումներ համայնքային ՀԱԵ Հայորդաց տուն ուսումնական կեդրոնի եւ դեսպանութեան կից գործող «Վերածնունդ» կիրակնօրեայ դպրոցի երիտասարդներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ, որոնց ընթացքին ներկայացուեցան «TUMO» կեդրոնի գործունէութիւնը եւ «TUMO» ամառնային ճամբարը: Բացի յիշեալ հանդիպումներէն, ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ «TUMO» կեդրոնի մասին տեղեկատուութիւնը փոխանցուած է Մոսկուայի, Ս.-Փեթերսպուրկի եւ Նիժնի Նովգորոդի յառաջատար համալսարաններուն մէջ, ու կը յաճախեն հայազգի ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի հայկական այլ կրթական օճախներ` կիրակնօրեայ եւ հանրակրթական դպրոցներ եւ կեդրոններ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսապնութենէն: