Արուեստը Կը Բուժէ Հոգին

Այս գաղափարին հետեւելով` Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի Հոգեբանական ակումբը երկու ամիս առաջ սկսաւ դասընթացք  մը բուժում արուեստի միջոցով : Բուժում  արուեստի միջոցով, կ’օգնէ կողմնորոշուիլ յոյզերու խճճուած աշխարհին մէջ, աւելի լաւ ճանչնալ սեփական ես-ը: Տեղի ունեցած ութ հանդիպումներու ժամանակ դասընթացքի մասնակիցները կաւի, նկարչութեան միջոցով փորձած էին հասնիլ հոգեկան հաւասարակշռութեան, խաղաղութեան:

            Մայիս 15-ին Ամերիկեան համալսարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ  դասընթացքի վերջին հանդիպումը: Մասնակիցները եւ դասընթացքի խմբավար Ասիա Ղազարեան ամփոփեցին հանդիպումներու արդիւնքով ստացած տպաւորութիւնները: Դասընթացքին սկիզբը մասնակիցները նկարներ  նկարած էին, ուր տարբեր պատկերներու միջոցով ներկայացուցած էին իրենց յոյզերն ու զգացումները, ատոնց տեղաբաշխումը մարմնին մէջ: Վերջին հանդիպման ժամանակ բժիշկը բաժնեց բոլորի նկարները եւ ներկայացուց վերլուծութիւն` ըստ նկարած պատկերներու, նկարագրեց հեղինակներու յոյզերը, թէ ինչ  զգացած են նկարելու ժամանակ: Մասնակիցները նշեցին, որ հանդիպումներու ժամանակ շատ մեծ բաւականութիւն  ստացած են, լիցքաւորուած են դրական զգացումներով, նաեւ ձեռք բերած  նոր ընկերներ:

Լիլիթ Հայրապետեան

Scroll Up