Հայորդաց Տան Սաները Պէտք Է Ըլլան Ֆիզիքապէս Ուժեղ Եւ Գիտելիքներով Զինուած
«Մեր երկիրը շրջապատուած է թշնամիներով, ատոր համար ամէն մէկ հայ պէտք է զինուոր ըլլայ, ըլլայ զօրաւոր մարդ, քանի որ զօրաւոր մարդուն, հզօր երկրի հետ հաշուի կը նստին»,- Մոսկուայի Հայորդաց տան մէջ կայացած ձիւդոյի եւ քարաթէի ցուցադրական ելոյթները դիտելէ ետք ըսաւ Քիոկուշին–քանքարաթէ-տոհամայ հայկական միութեան նախագահ Անդանիկ Յակոբեան:
Հայորդաց տան ձիւդոյի մարզիչ Հայկ Մուղնեցեանի մօտ կը պարապին կրթօճախի 5-14 տարեկան սաները: Ի տարբերութիւն ձիւդոյի խմբակին` քարաթէի խմբակի 11 սաներէն 4-ը աղջիկներ են:
Հայկ Մուղնեցեանը եւ քարաթէի խմբակի մարզիչ Արսէն Կարապետեանը իրենց սաներու ելոյթներէն գոհ էին: Անոնք նշեցին, որ չնայած ելոյթ ունեցողները ընդամէնը մէկ տարի է, որ կը մարզուին, սակայն արդէն զգալի յաջողութիւններ ունին:
«Սաներուս ելոյթը կրնամ փայլուն համարել: Այս մէկ տարուան մէջ անոնք հասցուցին ոչ միայն սիրել այս մարզաձեւը, այլեւ իւրացնել որոշակի հմտութիւններ: Անոնք սիրով եւ հաճոյքով կու գան դասերուն, որ լաւ մարզիկ դառնալու հիմնական նախապայմաններէն է»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ Հայկ Մուղնեցեանը:
«Մէկ տարի առաջ մեր պարապմունքները սկսանք երկու հոգիով: Այժմ կը մարզուի 6-12 տարեկան 11 սան: Պարապմունքները տեղի կ’ունենան իւրաքանչիւր կիրակի 10:30-12:00: Ընդունելութեան կրնան դիմել չափահասութեան տարիքի չհասած բոլոր ցանկացողները»,- նշեց Արսէն Կարապետեան:
Ելոյթներու աւարտին Անդրանիկ Յակոբեան նշեց, որ մարզանքը կը կոփէ ոչ միայն ֆիզիքապէս: Ատիկա կ’օգնէ նաեւ հոգեպէս կոփուածութեան: Ճափոնի մէջ քարաթեն եւ ձիւդոն կրթադաստիարակչական համակարգի մաս կը կազմեն, քանի որ կը սորվեցնեն կեանքի մէջ ճիշդ ապրիլ»:
Ցուցադրական ելոյթներէն ետք Հայորդաց տան տնօրէն Հմայեակ Գէորգեան դպրոցի տարբերանշանով գրիչներ եւ կրծքանշաններ նուիրեց մարզիկներուն, ապա դիմեց անոնց` ըսելով․«շատ գովելի է, որ ձեզի համար այս կրթօճախը նաեւ ֆիզիքապէս կոփուելու վայր է, բայց պէտք չէ մոռնաք նաեւ կրթուելու մասին: Հայորդաց տան իւրաքանչիւր սան պէտք է ըլլայ ֆիզիքապէս ուժեղ եւ գիտելիքներով զինուած, եւ, որ ամենակարեւորն է, չմոռնայ հայերէնին լաւ տիրապետելու մասին»:
Արմինէ Կարեյեան, Մոսկուա