«Հայաստան» Բերդով Ու Քոչարիով Ոգեկոչեց Հերոսներուն Եւ Շնորհաւորեց Ներկայ Սերունդը

Մինչեւ մարմինն ու հոգին ներդաշնակ չըլլան` հնարաւոր չըլլար պարի առնականութիւնն ու նազանքը հաղորդել հանդիսատեսին: Մինչեւ ոգին ու միտքը չորոշեն յաղթել` ոսոխին հնարաւոր չըլլար վտարել հայրենի հողէն: Հէնց այդ ներդաշնակութեան ու վճռականութեան շնորհիւ հնարաւոր եղաւ ունենալ մայիսեան յաղթանակներ եւ մայիս 9-ի եռատօն: Իսկ մայիս 10-ին Ռուսաստանի եւ Նոր նախիջեւանի Հայոց Թեմի Մոսկուայի «Հայորդաց տան» «Հայասա» պարային համոյթը նարակառոյց եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ շքեղաշուք համերգային ծրագիրով մոսկուաբնակ հայութեան շնորհաւորեց եռատօնի կապակցութեամբ: Համերգին ներկայ էր Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը` հոգեւոր դասի ուղեկցութեամբ:
Ծրագիրը մեկնարկեց անհոգ կեանքի նկարագրութեամբ, ապա հնչեց համազարկ, որն աւարտեց Պեռլինի գրաւմամբ: Ու թշնամիի հողին վրայ քոչարի պարող հայու կանչը եկաւ խառնուելու հայ շինականի երգին` դառնալով հայրենի հողին վրայ ձեռք ձեռքի եւ ուս ուսի տալով մարդակերտ բերդ դառնալու եւ հայրենին վերադարձնելու պատգամ:
«Հայասա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Արփինէ Ամիրեանի եւ «Հայասա»` փոքրիկներու պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Մարգարիտա Գրիգորեանի սաներն աւելի քան երկու ժամ տեւած համերգային ծրագիրին ներկայացուցին հայկական պարի նազանքն ու առնականութիւնը, վեհութիւնն ու շքեղութիւնը: Եւ հերթական անգամ եկան ցուցադրելու Էմինի նկարագրած սասունցիի պարը.
…Որ երբ նազու՜մ են աղջիկներն ու կռանում`
Սասնայ ձորից ջու՜ր են բերում, ա՛րտ քաղհանում.
Երբ ոտքի տակ տղաների հո՛ղն է թնդում`
Հօտաղները Սասնայ սարում գա՜յլ են խեղդում…
Ու բեմին վրայ կարծես ձուլուեցան անցեալն ու ներկան, կենդանացաւ հայ շինականն ու հողագործը, հանդիսատեսը զգաց հայկական պարի անցած հազարամեայ ուղին եւ կարծես սկսաւ նորովի գնահատել բեմէն փոխանցուող իւրաքանչիւր շարժում: Ամենակրտսեր հանդիսատեսն անգամ պարին համահունչ լռութեամբ, ապա, կլանելով բեմէն եկող ոգեւորութիւնը, կարծես կը պայթէր, ծափահարէր եւ կը փորձէր կրկնօրինակել: Յատկանշականն այն է, որ փոքրիկներու պարի ժամանակ 4-5 տարեկան աղջնակ մը կը դիմէր մայրիկին․«վախ, մամ, նայիր, փոքրիկ բալիկները ինչպէս կը պարեն»: Այնինչ, «փոքրիկ բալիկներու» շարքերուն աղջիկէն 4-5 տարի մեծերն ալ կային:
Փոքրիկի այս արտայայտութիւնն ու ուրախ ծափերը կու գային ապացուցելու, որ հայկական պարը հայու արեան մէջ է, որն ամէն վայրկեան «կրնայ վարարիլ, դուրս գալ ափերէն, դառնալ խաղաղութեան կամ հայրենիի համար մղուող պատերազմի կոչ, կամ պարզապէս դառնալ պատգամ` սորվեցնելով ապրիլ նախնիներէն ստացած աւանդով»:
Ընդամէնը մի քանի ամսուան ընթացքին Արփինէ Ամիրեանը եւ Մարգարիտա Գրիգորեանը կրցած էին իրականացնել այն, որ միւս պարուսոյցները տարիներու քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքով կ’իրականացնէին: Իսկ անոնց յաջողութեան գաղտնիքը կարելի է համարել ինչպէս սեփական անձնուէր աշխատանքը, այնպէս ալ օտար հողի վրայ հայուն հայ պահող ազգային մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Ձեռնարկին աւարտին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան շնորհաւորեց սաներուն եւ իր գոհունակութիւն յայտնեց` հայկական պարարուեստն ըստ արժանուոյն ներկայացնելու համար:
Արմինէ Կարեյեան, Մոսկուա