Քոնվերս Դրամատունը Կ’աջակցի Քեսապի Հայերուն

Քոնվերս դրամատունը կը միանայ Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի դրամահաւաքին` Քեսապի հայրենակիցներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Քոնվերս դրամատան նախաձեռնութեամբ երկու ամիսով երկու ընտանիք Լաթաքիոյ մէջ կ’ապահովուին վարձով բնակարանով եւ սննդամթերքով: Եթէ նշեալ ժամանակահատուածին մէջ հակամարտութեան գօտիին կրկին խաղաղութիւն չհաստատուի, Քոնվերս դրամատունը կը վերանայի ընտանիքներու օժանդակութեան իր նախագիծը:

Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի նախաձեռնութեան պիտի միանան նաեւ Քոնվերս դրամատան աշխատակիցները: Իւրաքանչիւր աշխատակից հնարաւորութիւն կ’ունենայ փոխանցում կատարելու դրամատան յատուկ հաշուեհամարին` Քեսապահայ հայրենակիցներուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Ողջ գումարը պիտի փոխանցուի Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամին:

«Քոնվերս Բանկն իր պարտքն է համարում աջակցութիւն ցուցաբերել ինչպէս
Լաթաքիայում ապաստան գտած Քեսապցի մեր հայրենակիցներին, այնպէս էլ բոլոր նրանց, ով այս ծանր օրերին կը բռնի պատմական հայրենիքի ճանապարհը:
Մարդասիրական այս նախաձեռնութիւնն անչափ կարեւոր է Բանկի համար: Այդ իսկ պատճառով ողջունում ենք Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի` Քեսապահայերի օժանդակութեանն ուղղուած բոլոր քայլերը: Չափազանց կարեւոր է, որ կեանքի այս դժուար փուլում Սիրիայի հայերը զգան Հայաստանի աջակցութիւնը»,- նշեց դրամատան գործադիր տնօրէն Տիգրան Դաւթեան:

Բացի այդ բոլոր մեր հայրենակիցներուն համար, որ Սուրիայէն կը վերադառնան Հայաստան, Քոնվերս դրամատունը մշակած է յատուկ Բարի գալուստ դրամատան փաթեթ:

Այս փաթեթի շնորհիւ մեր հայրենակիցները հնարաւորութիւն կը ստանան օգտուելու դրամատան զանազան հասոյթներէն` արտօնեալ պայմաններով: Մենք կը հաւատանք, որ այս փաթեթի եւ մեր հմուտ անձնակազմի աշխատանքի շնորհիւ Հայաստանի մէջ հաստատուելու առաջին փուլերը կ’անցնին աւելի հեշտ եւ հանգիստ:

tert.am

Scroll Up