Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Յակոբ Քրտանեան Զոհուեցաւ Հալէպի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/Untitled3.jpg)
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` կիրակի, 11 մայիս 2014-ի յետմիջօրէին Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի ճաշարան «Թեննուր»-ի թաղը թիրախ դարձաւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ արձակուած հրթիռներուն: Հրթիռարձակումին պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ, զոհ, աւեր եւ քանդում. զոհուեցաւ հայ երիտասարդ Յակոբ Քրտանեան: Ֆիզիքական վնասներու կողքին արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:
Նաեւ Զոհ Մը` Քեսապի Մէջ
«Ազդակ» տեղեկացաւ, որ երէկ Քեսապի բարձունքներէն Չալմայի վրայ, հրասանդի հրթիռի պայթումի պատճառով զոհուած է երկու զաւակներու հայր Վարդան (Պատրիկ) Անտրեան, մինչ Սարօ Պապուճեան վիրաւորուած է աջ ոտքէն եւ աջ ձեռքէն: