Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Հերթական Նիստը

Մայիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:

Սուրիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան ներկայացուց վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տիրող վատթար իրավիճակը: Ան նշեց, որ Սուրիոյ հիւսիս, հիւսիսարեւելեան շրջաններէն Հալէպի հայկական թաղամասերու վրայ յարձակած զինեալներու գործողութիւններու հետեւանքով հալէպահայերու գոյութիւնը վտանգուած է: Մարդոց կենսագործունէութեան համար կը բացակային նուազագոյն պայմանները, ազգաբնակչութիւնը բռնած է արտագաղթի ճանապարհը: Չնայած այս ամէնուն` ոչ մէկ հայկական դպրոց եւ եկեղեցի չէ դադրեցուցած իր գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ: Այսօր Քեսապը ամբողջովին հայաթափուած է: Պէտք է ամէն կերպ երկխօսութեան միջոցով նպաստել խաղաղութեան հաստատման եւ դարձեալ վերակառուցել Քեսապը: Յարութիւն Սէլիմեան բարձր գնահատեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ջանքերը սուրիահայերու խնդիրներու լուծման աջակցելու համար եւ  շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն համար: Սուրիոյ մէջ գործող շտապ օգնութեան մարմինները ամենօրեայ աշխատանքներ կը տանին օրհասական վիճակի մէջ գտնուող սուրիահայերուն աջակցելու համար:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարին  փոխանցուած է Թուրքիոյ Վաքըֆ գիւղին մէջ գտնուող 22 հայերու անունները` անոնց Լաթաքիա իրենց ազգականներուն մօտ տեղափոխելու նպատակով: Նախարարը նշեց, որ եթէ հնարաւոր ըլլայ կազմակերպել սուրիահայ երեխաներու տեղափոխումը Հայաստան, սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստ է անոնց ընգրկել նախարարութեան ծրագիրներուն, կազմակերպել անոնց ամառնային հանգիստը ճամբարներու մէջ:

Երեւանի քաղաքապետարանի սոցիալական ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան ներկայացուց երեւանաբնակ սուրիահայ ընտանիքներու սոցիալական աջակցութեան 2014 թուականի ծրագիրի կատարման ընթացքը: Երեւանի քաղաքապետարանը կը շարունակէ աջակցութիւնը սոցիալապէս կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն: Նախապէս կատարուած է սուրիահայ ընտանիքներու ուսումնասիրութիւն եւ  կարիքներու գնահատում: Դրամական աջակցութիւն  տրամադրուած է 79 սուրիահայ ընտանիքի: 283 սուրիահայերու տրամադրուած են կենցաղային, պարէնային ապրանքներ, հագուստ, գրենական պարագաներ: Կան պետական սոցիալական աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ ընգրկուած սուրիահայ ընտանիքներ: 2014թ ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող  28 սուրիահայեր հաշուառուած եւ ձեռք  բերած են կենսաթոշակ ստանալու իրաւունք: Շեշտուեցաւ, որ առաջնահերթ խնդիրներէն է բնակարաններու վարձավճարներու փոխհատուցումը: 179 սուրիահայ ընտանիքներու տուեալները փոխանցուած են «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան բնակարանային վարձավճարները փոխհատուցելու նպատակով: Ներկայացուեցաւ նաեւ դպրոցներու մէջ սուրիահայ աշակերտներու ընդելուզման նպատակով անոնց համար կազմակերպուած արտադասարանային մշակութային, ռազմահայրենասիրական դասընթացներու, ճանաչողական այցելութիւններու կազմակերպումը: Աշակերտներն ամբողջութեամբ ընդգրկուած են տարաբնոյթ կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու մէջ : Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց ՀՀ քաղաքացիներու համար նախատեսուած հիմունքներով սուրիահայ ընտանիքներուն եւս սոցիալական ապահովութեան նպաստներու տրամադրումը:

Սուրիահայերու աջակցութեան ուղղութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կատարած աշխատանքներուն մասին զեկուցեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: Ան նշեց, որ 80 մլն դրամ տրամադրուած է սուրիահայերու ուսման վարձավճարներու, բուժման եւ այլ ծախսերը հոգալու նպատակով: Յառաջիկայ օրերուն 60 հազար տոլար պիտի փոխանցեն Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն` քեսապահայերուն օգնելու նպատակով:  Գումարներու մեծ մասը փոխանցած են Հայաստանցի գործարարները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց ներկայ պահուն քեսապահայերու օգնութեան հիմնադրամին փոխանցուած գումարներու չափը. 12 մլն ՀՀ դրամ, 378 հազար ԱՄՆ տոլար, 10 հազար ռուբլի, 5 հազար եւրօ:

«Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան գրասենեակի ղեկավար Արամ Խաչատրեան ներկայացուց սուրիահայերու աջակցութեան ուղղուած աշխատանքները: Կատարուած է սուրիահայերու փետրուար, մարտ, ապրիլ ամիսներուն վարձավճարներու եւ վիճակային ծախսերու փոխհատուցում, յառաջիկային եւս կը նախատեսուի յաջորդ երեք ամիսներու վարձավճարներու փոխհատուցում: Կատարուած է նաեւ 100 ընտանիքի բնակարանային վարձավճարի փոխհատուցում` 50 հազար դրամի չափով: Օգնութեան նպատակով կ’ընտրուին սոցիալապէս անապահով, եկամուտէ զուրկ կամ նուազագոյն եկամուտ ունեցող ընտանիքներ, ծերեր, բազմանդամ ընտանիքներ, հաշմանդամութիւն ունեցող անձիք:

Հայ օգնութեան միութեան կատարած աշխատանքներուն եւ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին զեկուցեց ՀՕՄ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Նարինէ Գալստեանը: Ան նշեց, որ 2014թ. ընթացքին  Հայ օգնութեան միութիւնը 125 հազար տոլար  ուղարկած է Սուրիա` սուրիահայերու կարիքները հոգալու համար, որմէ 75 հազար տոլարը տրամադրուած է հայկական վարժարաններու հիմնադրամին` անոնց գործունէութիւնը շարունակելու նպատակով:« Տաքուկ բնակարան» ծրագիրի ծիրէն ներս աջակցութիւն  տրամադրուած է 182 ընտանիքի:

Ամփոփելով նիստը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ճգնաժամը Սուրիոյ մէջ երթալով կը խորանայ, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ընդունելու հայրենիք վերադարձող սուրիահայերու նոր հոսքի: Գնահատելով ստեղծուած իրավիճակը` նախարարը կարեւոր նկատեց արտակարգ իրավիճակի մէջ հայկական սփիւռքի օգնութեան կազմակերպման ռազմավարութեան մշակումը:

  

Scroll Up