Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում Ալպերթայի Օրէնսդիր Մարմինին Մէջ
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն, մայիս 5-ին Քանատայի Ալպերթա նահանգի օրէնսդիր մարմինին մէջ (ք. Էտմոնտօն) առաջին անգամ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութիւն:
Արարողութեան մասնակցած են Ալպերթայի նահանգի վարչապետ Տեյվ Հենկոկը, Ալպերթայի օրէնսդիր մարմինի խօսնակ Ճին Զուոզդեսկին, նահանգի ընդդիմութեան առաջնորդ Դանիէլա Սմիթը, պատգամաւորներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են շարք մը պաշտօնեաներ, ընթերցուած է Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանի ուղերձը:
Ալպերթայի օրէնսդիր մարմինին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնները պիտի կրեն ամենամեայ բնոյթ: