Դոկտ. Էլիզ Սեմերճեանի դասախօսութիւնը

Մեծ եղեռնի 99-ամեակին, Նիւ Ճըրզիի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը եղաւ միա´կ կազմակերպութիւնը, որ ճիշտ Ապրիլ 24ին յիշատակեց Հայկական Ցեղասպանութեան տարեդարձը, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կոկիկ հասրակութեան մը ներկայութեան, ժամը 8ին։

Օրուան դասախօսն էր Դոկտ. Էլիզ Սեմերճեան, որ Ուիթմըն Գոլէճի մէջ դասախօս է Իսլամական աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան։  Ան իր դոկտորականը վաստկած է Ուաշինկթընի Ճորճթաուն համալսարանէն 2003 թուականին եւ երկիցս արժանացած` Ֆուլպրայթ մրցանակին։  Առաւելաբար իր ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացուցած է Օսմանեան շրջանի Հալէպ քաղաքին վրայ, ինչպէս նաեւ` Տիգրանակերտի եւ ասորական շրջաններու ազգաբնակչութեանց վրայ։  Վերջերս կ’ուսումնասիրէ առաւելաբար 17-18 դարերու հայկական Հալէպի կեանքին եւ հայկական ցեղասպանութեան հետ կապուած զանազան նիւթերու շուրջ։

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Հայ Դատի Յանձնախումբէն Անի Ջաղլասեան։  Գործադրուեցաւ մասնաւոր յայտագիր մը Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբին կատարողութեամբ։  Եկեղեցւոյ հովիւը` Յովնան Քհնյ. Պոզոյեան կատարեց բացման աղօթքը եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ խօսք առաւ ներկայացուցիչը` Պրն. Ռիչըրտ Սարաճեան, որ ըսաւ թէ ամերիկացի գոնկրէսականներ ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ այս պահուն Երեւան հաւաքուած, իրենց հաւաքական յարգանքը կը մատուցեն, բերելով իրենց ալ մասնակցութիւնը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին առջեւ ու խոնարհելով Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին։ մասնակից կը դառնան հայ ժողովուրդի սուգին։

Օրուան դասախօսը անդրադարձաւ թրքացած հայերու կեանքին եւ անոնցմէ ոմանց հայութեան վերադառնալու իրողութեան մասին։  Տուաւ հոգեբանական այն ապրումները անոնց որոնք իսլամանալէ ետք կը վերադառնան հայութեան։  Առանձինն ուսումնասիրութեան նիւթ որպէս պիտի արժէր կազմակերպել մասնաւոր սեմինարներ այս ուղղութեամբ։

Կը շնորհաւորենք կոմիտէութեան նախաձեռնութիւնը՝ գլխաւորութեամբ հերթապահին` Պրն. Մարք Ալաշայեանին։

Յակոբ Վարդիվառեան, Նիւ Եորք

 

Scroll Up