Հայոց Ցեղասպանութեան Վկայութիւններու Ցանկագրումը Կ՛ամբողջանայ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող «Շօա» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու բոլոր վկայութիւններուն ցանկագրումը աւարտած է եւ յառաջիկայ ամիսներուն աշխատանք պիտի տարուի զանոնք դարձնելու հիմնարկի «Տեսողական պատմութեան արխիւ»ին մէկ մասնիկը:

Ցուցակագրող Մանուկ Աւետիքեանի 333 վկայութիւններուն վերջին 88ի ցանկագրումը աւարտած է այս Օգոստոսի սկիզբը։

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, ցանկագրուած 60 վկայութիւններ «Տեսողական պատմութեան արխիւ»ին մաս կազմած էին Ապրիլ 24, 2015ին, իսկ անկէ տարի մը ետք, 185 ուրիշներ միացած էին նոյն արխիւն։

Յիշեցնենք, որ սոյն աշխատանքը հիմնուած է հանգուցեալ դոկտ. Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանի կողմէ վերապրածներուն հետ 1972էն 2005ի միջեւ կատարուած հարցազրոյցներու թուայնացած տարբերակներուն վրայ։ «Շօա» հիմնարկը այս վկայութիւնները պահպանելու եւ տարածելու համաձայնութիւն մը կնքած էր 2010ի Ապրիլին, դոկտ. Յակոբեանի հաստատած Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին (Armenian Film Foundation) հետ:

Ցանկագրումին ընթացքին կը փնտռուին յատուկ եզրեր, որպէսզի Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները դիւրութեամբ որոնելի ըլլան ուսումնասիրողներու համար։ Հայկական վկայութեանց համար մօտաւորապէս 300 եզրեր աւելցուեցան արխիւին մէջ արդէն իսկ օգտագործուող շուրջ 62,000 եզրերուն վրայ:

Ցանկագրուած վերջին վկայութիւնները տարատեսակ դժուարութիւններ պատճառած են, որովհետեւ անոնք եղած են արաբերէնով, յունարէնով, քրտերէնով, ինչպէս նաեւ՝ ֆրանսերէնով, գերմաներէնով եւ սպաներէնով։ Անոնց մէջ եղած են նաեւ Զմիւրնիայի հրդեհին մասին եւ իսլամացած հայերու վկայութիւներ։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up