Ախալցխայի Մէջ Մայրենիի Ուսուցիչները ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Անունէն Ստացան Պատուոգիրներ
Մայիս 2-ին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ քաղաքի հայկական դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն յանձնուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ տրուած պատուոգիրները` հայոց լեզուի պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրումներու, երիտասարդ սերունդին հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն փոխանցելու համար:
Ախալցխայի շրջանի Սուխլիս գիւղի մայրենի լեզուի ուսուցչուհի, երկար տարիներու վաստակ ունեցող Վերոնիքա Յակոբեան Սփիւռքի նախարարի կողմէ արժանացաւ «Մայրենիի դեսպան» շքանշանին:
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ախալցխայի շրջանի Գամգեբելիի տեղակալ Աշոտ Մանասեան, որ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Սփիւռքի նախարարութեան ուշադրութիւնը Սամցխէ-Ջաւախք շրջանի մայրենի լեզուի ուսուցիչներուն հանդէպ` նշելով, որ մայրենիի ուսուցիչներու գործը անհամեմատ կարեւոր է մեր երեխաներու ապագայի համար:
ԱՀԵԿ-կեդրոնի ղեկավարութեան խօսքերով` այս նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր է, եւ ամենայն հաւանականութեամբ ՀՀ սփիւռքի եւ կրթութեան նախարարութիւններու կողմէ ապագային եւս տեղի կ’ունենան գնահատանքներ` մայրենի լեզուի ուսուցիչներու հայրենանուէր մեծ գործի նկատմամբ:
Շքանշան եւ պատուոգիրներ ստացած ուսուցիչները իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: Ուսուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ ԱՀԵԿ կեդրոնի ղեկավարութեան` պատուոգիրներու, շքանշանի փոխանցման եւ ուսուցիչներու մեծարման երեկոյ կազմակերպելու համար:
Akhaltskha.Net