Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Կոմիտաս Վարդապետին Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, երէկ` երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` նուիրուած Մեծ եղեռնի 92-ամեակին:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գուսան» երգչախումբի ղեկավար Գօգօ Ալլոզեան, որ նկատել տուաւ, թէ այս երեկոյին երգացանկը ամբողջութեամբ նուիրուած է Կոմիտաս վարդապետին եւ երգերը սիրային, ընկերային ու պանդխտութեան թեմաներով են:
Երգչախումբին անունով Նազարէթ Գէորգեան ներկայացուց յայտագիրը եւ մերթ ընդ մերթ ընթերցումներ կատարեց Կոմիտասի բանաստեղծութիւններէն:
Այնուհետեւ «Գուսան» երգչախումբին անդամները մեկնաբանեցին մեներգներ եւ զուգերգներ:
Այսպէս, Աւետիս Ագրապեան մեկնաբանեց «Մոկաց Մերզա» եւ «Ախ Մարալ ջան», Կարօ Քելեշեան` «Ես սարէն կու գայի» եւ «Կանչէ կռունկ», Գրիգոր Արոյեան` «Երկինքն ամպել է», Գէորգ Քէօշկերեան` «Քելէ քելէ», Յարութ Գալօղլեան` «Հայր մեր», Դալար Սիմոնեան` «Լէ լէ Եաման», Ներսէս Խաչոյեան` «Հով արէք», Շողիկ Թորոսեան` «Կռունկ» եւ «Ծիրանի ծառ»: Զուգերգներ` Կարօ Քելեշեան եւ Դալար Սիմոնեան, անոնք մեկնաբանեցին «Ալ Այլուղս», իսկ Շողիկ Թորոսեան եւ Ներսէս Խաչոյեան մեկնաբանեցին «Հաբրբան» երգը: Երգերուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Յասմիկ Գասպարեան, իսկ Լորի Եափուճեան սրինգի վրայ նուագեց «Օրօր»-ը: