«Փեթերսպուրկի Հայեր»-ը Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Դատապարտել Օրէնքով
«Փեթերսպուրկի հայեր» տարածաշրջանային հասարակական կազմակերպութիւնը ս.թ. Դեկտեմբեր 1-ին դիմում յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Պետական Տումա` առաջարկելով Ռուսաստանի Դաշնութեան Քրէական օրէնսգիրքին, քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին եւ Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքին մէջ մտցնել յօդուածներ, համաձայն որոնց` քրէական եւ վարչական պատասխանատուութեան կ’ենթարկուին 1915-1922 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ժխտելու համար: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն «Փեթերսպուրկի հայերու լրաբեր»-էն: