Յուշ Երեկոյ Ամսթըրտամի Մէջ Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու (FAON) Ապրիլ 24 Կոմիտէն, 300-ամեայ պատմութիւն ունեցող Ամսթըրտամի նոր վերանորոգուած Հայ Առաքելական «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ կամարներու ներքոյ յուշ-երեկոյ կազմակերպած էր նուիրուած Մեծ Եղեռնի զոհերու անմար յիշատակին: Երեկոյի բացումը կատարեց Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան նախագահ Մաթօ Հախուերդեան , որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը: Ամսթըրտամի հոգեւոր հովիւ տէր Տարօն քհն. Թադեւոսեան հանդուրժողականութեան ու համբերութեան պատգամ ուղղեց եւ աղօթեց եղեռնի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար, որմէ ետք երգչուհի Նայիրա Մատոյեան հանդէս եկաւ հոգեւոր երգերու կատարումներով:
Նիտերլանտներու մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան մանրամասնօրէն’ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով համառօտ ներկայացուց հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցած եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան ոճիրը, որու կրկնօրինակները’ վկայ Քեսապի դէպքերը, տեղ կը գտնեն այսօրուան իրականութեան մէջ: Միլիոնաւոր մարդիկ’ ապրիլ 24-ին, աշխարհի տարբեր մասերու մէջ, ցեղասպանութեան յուշարձաններ կ’այցելեն մէկ նպատակով’ այլեւս, երբեք նման բան չկրկնուելու ակնկալիքով: Դեսպանը քննադատեց մարդկութեան նկատմամբ գերագոյն յանցանքի ��? ցեղասպանութեան, նկատմամբ այսօրուան հանդուրժողական վերաբերմունքն ու անտարբերութիւնը:
Նիկոլա կրտսեր Ռոմաշուկը հնչեցուց հայկական տուտուկի հոգեթով մեղեդին:
Քրտական համայնքի անունէն ելոյթներ ունեցան Սէլիմն ու Բալչիկը, որոնք քննադատեցին օսմանեան Թուրքիոյ այսօրուան իրաւայաջորդներուն’ անոնց, որոնք կը ձեւացնեն, որ ոչինչ ալ տեղի չէ ունեցած: Մինչդեռ հայերէն բացի իրականացուած է քիւրտերու, յոյներու եւ ասորիներու կոտորած:
Այս ելոյթներէն ետք անկրկնելի Սուետլանա Աղաջանեանի կատարմամբ հնչեցին «Ուր ես մայր իմ», «Կռունկ»,«Կիլիկիա» երգերը, որմէ ետք յայտարարուեցաւ ընդմիջում: Այդ ընթացքին յուշ-երեկոյի մասնակիցները ծանօթացան առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հոլանտական թերթերուն մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն,արխիւային նիւթերուն նաեւ Հոլանտայի դեսպանի զեկոյցներուն, ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան մասին հրատարակուած գիրքերու հաւաքածոյին:
Ներկայացուած էր նաեւ Հայաստանի մասին Հոլանտիոյ մէջ հրատարակուած գիրքեր եւ յուշաթերթիկներ:
Ընդմիջումէն ետք Իսրայէլի տեղեկատուական CIDI կեդրոնի նախկին տնօրէն, հրէական մարդասիրական ֆոնտի նախագահ պարոն Ռոնի Նաֆտանիելը եւս մանրամասն անրադարձաւ ցեղասպանութեան, ատոր նպաստող զարգացումներու եւ կանխարգելման անհրաժեշտութեան մասին:
Հոլանտայի Գեզի համերաշխութիւն խումբի անունէն իր սրտի ու խղճի խօսքը ըսաւ Էլիֆ Կէսկիները:
Անպակաս էր երաժշտական համարները: Ռուզաննա Յակոբեանի կատարմամբ քանոնով հնչեցին ազգային երգերու երաժշտական կատարումներ, իսկ «Նայիրի» լարային քառեակն ու Արմէն Նազարեանը հանդէս եկան դասական ստեղծագործողներու կատարումներով:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Աբովեան մշակութային միութեան անդամ Ինգա Դրոստը, որ ներկայացուց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող ջանքերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գտնուող հիւրերուն ու ձեռնարկի կազմակերպիչներուն:
«Նիտերլանտական Օրագիր»